ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ
By adminx - Wed Dec 21, 8:07 am
Շաբաթասկիզբին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը:
Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը, որ ապահովեց Ասիոյ 2012-ի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:
Որոշուեցաւ ազգային խումբի իւրաքանչիւր մարզիկի յատկացնել երեք հազար ամերիկեան տոլար` առ ի քաջալերանք:
Յայտարարուեցաւ, որ աղջկանց ֆութսալի ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ապրիլ 2012-ին Պահրէյնի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ 2-րդ ախոյեանութեան:
Ա. դասակարգի կազմերէն Թատամոն Սուր 500 հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ` իր համակիրներուն անկարգապահութեան պատճառով:
Բ. դասակարգի Ահլի Նապաթիէ պատասխանատուներէն Մուհսեն Սապահ երկու ամիսով կախակայուեցաւ` ոչ մարզավայել կեցուածք ունենալուն համար:
Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը շաբաթ, 24 դեկտեմբերին պիտի մրցի Շեպիպեթ Մազրայի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 2:15-ին, տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի Քաղաքապետութեան պատկանող Հըրժ դաշտին վրայ:
Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն յայտագիրը.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 24 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռասինկ – Մապարրա 2:15 Պուրճ Համուտ
Ահտ – Շապապ Սահել 5:30 Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Սալամ Սուր – Անսար 2:15 Սուր
Ահա Ահլի Ալէյ – Սաֆա 2:15 Պուրճ Համուտ
Նըժմէ – Թատամոն Սուր 5:30 Սայտա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 26 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Ահլի Սայտա – Թրիփոլի 2:15 Սայտա
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՈՒՐԲԱԹ, 23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Սալամ Զղարթա – Նահտա Պար Էլիաս 2:15 Զղարթա
Հարաքեթ Շապապ – Իժթիմահի 2:15 Թրիփոլի
Սաժես – Շապապ Թրիփոլի 2:15 Պուրճ Համուտ
Ֆաժըր Արապսալիմ – ՀՄՄ 2:15 Արապսալիմ
Շապապ Ղազիէ – Խըյուլ 2:15 Քֆարժոզ
ԿԻՐԱԿԻ, 25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Իրշատ – Ահլի Նապաթիէ 2:15 Նըժմէ





