Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Սաճիտ Ճաւտ ըսած է, թէ ստորագրած է «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիր Ճուլիան Ասանժը Միացեալ Նահանգներուն արտայանձնելու հրամանագիրը: Լոնտոնի դատարանը վերջնական որոշումը պիտի որդեգրէ այսօր:
Միացեալ Նահանգներ Ասանժը կը մեղադրեն 18 յօդուածներով` Միացեալ Նահանգներու նախկին զինուոր Չելսի Մենինկի օգնութեամբ պետական գաղտնիք եղող փաստաթուղթեր ապօրինի եղանակով հայթայթելու եւ հրապարակելու համար:
47 տարեկան Ասանժ 11 ապրիլին վտարուած էր Լոնտոնի մէջ Էքուատորի դեսպանատան տարածքէն, ուր ան ապաստանած էր 2012 թուականէն ի վեր:
Վտարումէն ետք, բրիտանացի ոստիկանները անմիջապէս զինք ձերբակալած էին, դատարանը զինք դատապարտած էր 50 շաբթուան նախնական կալանքի:
Ասանժի աջակիցներն ու փաստաբանները պնդած են, որ «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիրը բանտին մէջ հոգեբանական չարչարանքի ենթարկուած է: