Կազմակերպութեամբ «Փորթըլ» ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 82 հայ եւ տեղացի ճատրակ խաղացողներու:
16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Ալեքսանտր Սերմանուկեան (13 տարեկան), իր արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ գրաւեց առաջին դիրքը (ապահովելով 6 կէտ):
Ալեքսանտր Սերմանուկեանէն բացի որեւէ այլ հայ ճատրակ խաղացող մրցանակային դիրքի չարժանացաւ:
Մրցաշարքի աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան, յատուկ յուշանուէր մը տրուեցաւ նաեւ Րաֆֆի Ճիկերեանին` առ ի քաջալերանք, իբրեւ մրցաշարքին ամէնէն երէց խաղացողը:
Նշենք, որ մրցաշարքին իրաւարարներն էին Ժամալ Շամիէ եւ Ալի Ժաուիշ: