Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին արձանագրած վերջին յաղթանակը` Յունաստանի դէմ (3-2), Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, եղաւ բացառիկ յաջողութիւն մը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առիթով կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Երկու մրցումի ընթացքին երկու յաղթանակ եւ վեց կոլ, ասիկա արդէն իսկ կարելի է նկատել բացառիկ յաջողութիւն:
«Կը շնորհաւորենք հաւաքականին ֆութպոլիստներն ու մեր երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը»:
Իր կարգին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեան շնորհաւորանքի իր խօսքը ուղղեց ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներուն` անոնց մաղթելով նորանոր նուաճումներ: