Նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ընդհանուր ժողովը, որուն օրակարգին նիւթն էր ֆետերասիոնի նախագահին ընտրութիւնը:
Ֆետերասիոնի գործող նախագահ Արման Սահակեան միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ նախագահ:
Ան միակ թեկնածուն էր այդ պաշտօնին համար:
Քուէարկութիւնը կատարուեցաւ բաց եւ անոր դէմ քուէարկող չեղաւ:
Նախքան ֆետերասիոնին ընդհանուր ժողովը ան յայտնեց, որ պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը:
Իսկ նախագահ վերընտրուելէն ետք ան ըսաւ, թէ այժմ աւելի ժամանակ պիտի տրամադրէ այս մարզին` նկատի ունենալով, որ աւելի նուազ են իր այլ զբաղումները: