Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ստորագրած է Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցելու վերաբերեալ եռակողմ համաձայնագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ պետական պաշտօնաթերթի «Ռեսմի Կազեթէ» կայքը:
Համաձայնագիրը ուժի մէջ կը մտնէ 11 յունիս 2019-էն սկսեալ: Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի միջեւ զինուորական ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը կնքուած էր 31 մարտ 2018-ին, Թուրքիոյ Կիրասոն քաղաքին մէջ:
Նշենք, որ երէկ Ազրպէյճանի մէջ հանդիպում ունեցան երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները` Հուլուսի Աքար, Լեւան Իզորիա եւ Զաքիր Հասանով: