Հոլանտայի խորհրդարանը 11 յունիսին գրեթէ միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Թուրքիոյ նախագահին կողմէ այս տարուան ապրիլ 24-ի իր յատարարութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը «պատերազմի զոհեր» որակելու արարքը` միեւնոյն ժամանակ պարտաւորեցնելով Հոլանտայի կառավարութիւնը, որ այդ դիրքորոշման մասին տեղեկացնէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները:
«Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ այս մասին գրելով` Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան կ՛ըսէ հետեւեալը. «Յատուկ շնորհակալութիւն` բանաձեւը նախաձեռնած քաղաքական տարբեր ուժեր ներկայացնող երեսփոխաններու եւ «Աբովեան» միութեան անդամներ Ինգէ Դրոստին եւ Մաթօ Հախվերդեանին` եռանդուն եւ արգասաբեր ջանքերու համար»:
Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութենէն կ՛աւելցնեն, որ բանաձեւը ներկայացուած էր Քրիստոնէական միութիւն խմբակցութեան անդամ, երեսփոխան Ճոել Վորտեվինտը:
Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է երեսփոխանին այս յստակ եւ հետեւողական արտայայտութեան համար:
Խորհրդարանի բանաձեւը կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` մերժելու Էրտողանի խօսքերը եւ այդ տեսակէտը փոխանցելու Թուրքիոյ կառավարութեան: Այդ բանաձեւին կողմ քուէարկած են խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները` բացի երեք հոգիէ բաղկացած Տենք խմբակցութենէն:
Ապրիլ 24-ին Էրտողան Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին յղած էր նամակ մը, որուն մէջ դարձեալ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած 1,5 միլիոն հայերը նկատած է «Համաշխարհային Ա. պատերազմի զոհեր»` ուրանալով Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը:
Էրտողան աւելի ուշ նաեւ յայտարարած էր, թէ այդ ժամանակաշրջանին շատ ուրիշներ զոհուած էին, ներառեալ անոնք, որոնք սպաննուած էին «հայկական հրոսակախումբերու եւ զինուած խմբաւորումներու» հրահրած անկարգութիւններուն պատճառով:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց բանաձեւի որդեգրման` դիմատետրեան էջին վրայ կատարած գրառումով շեշտելով Հոլանտայի եւ անոր խորհրդարանի անդամներուն սկզբունքային դիրքորոշումը:
«Մենք կ՛ողջունենք Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ժխտողական կարծիքին դէմ միջազգային արձագանգը: Այս որոշումով` Հոլանտան եւ անոր խորհրդարանի անդամները անգամ մը եւս ցուցադրեցին իրենց սկզբունքային դիրքորոշումը` մարդու իրաւունքներու եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ», գրուած է յայտարարութեան մէջ: