Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան (Ալանիա) նախագահ Անաթոլի Պիպիլով ընդունած է երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ` «Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեանը, արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի անդամ Էրիկ Յարութիւնեանը եւ արտաքին գործոց նախարարի գլխաւոր քարտուղար-աշխատակազմի ղեկավար Սեմիոն Աֆիեանը, կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն:
Ողջունելով հիւրերը` Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ ամէն ինչ կատարուած է, որպէսզի ընտրարշաւը հանրապետութեան մէջ անցնի հանգիստ մթնոլորտի մէջ, եւ մարդոց առիթ տրուի քուէարկելու իրենց ընտրութեան արժանի քաղաքական ուժին:
Նախագահը նաեւ անդրադարձած է վերջերս Անկախ ֆութպոլային ընկերակցութիւններու ֆետերասիոնի Եւրոպայի առաջնութեան բացման արարողութեան շրջագիծին մէջ իր` Արցախ կատարած այցելութեան:
Արցախի պատուիրակութեան անդամները բարձր գնահատած են ընտրատեղամասերուն մէջ բնակչութեան դրական տրամադրուածութիւնը եւ կարեւոր նկատած խորհրդանշական այդ օրը եղբայրական ժողովուրդի կողքին գտնուելու հանգամանքը:
Երեկոյեան Արցախի պատուիրակութիւնը նախագահ Պիպիլովին հետ դիտած են Արցախի մէջ տեղի ունեցած` «ՔՈՆԻՖԱ-2019» Եւրոպայի ախոյեանութեան եզրափակիչ Արեւմտեան Հայաստան – Հարաւային Օսեթիա խաղը: