Ֆիճիի մէջ (Ովկիանիոյ ցամաքամաս) աւարտած աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան վերջին օրը, Հայաստան տիրացաւ ոսկի մետալի մը` գերծանր կշիռքի (109 քկ եւ վեր) դասակարգին մէջ:
Վարազդատ Լալայեան երկամարտի մրցումներուն ապահովելով 419 քկ (192+227), գրաւեց առաջին դիրքը` մէկ քիլոկրամով գերազանցելով իրանցի Ալի Տաւուտին, որ տիրացաւ արծաթ մետալին: