Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ մտադիր են Երուսաղէմի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպումի ժամանակ Ռուսիոյ սուրիական տագնապի լուծման հարցով ներկայացնել առաջարկ մը, որ կ՛ենթադրէ Մոսկուայի աջակցութիւնը վայելող Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի օրինական իշխանութեան ճանաչում, սուրիական իշխանութիւններու դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջում, որուն դիմաց Ռուսիան պէտք է զսպէ Սուրիոյ մէջ Իրանի ազդեցութիւնը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը գրէ արաբական «Շարք Աուսաթ» կայքը` վկայակոչելով արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ:
«Կողմերը պիտի քննարկեն «ճամբու քարտէս»-ը, որուն ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ պիտի ներկայացնեն առաջարկներ, օրինակ` Սուրիոյ վերաշինութիւն, նախագահ Պաշշար Ասատի օրինական իշխանութեան ճանաչում, պատժամիջոցներու ջնջում, որուն դիմաց Ռուսիան պէտք է յանձնառութիւն ստանձնէ Սուրիոյ մէջ Իրանի դերը զսպելու առնչուած գործողութիւններու իրականացման գործին մէջ», յայտնած են աղբիւրները:
«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» իր կարգին կ՛աւելցնէ, որ եռակողմ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յունիսի վերջաւորութեան: Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը, Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընն ու Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Մէիր պեն Շապաթը մտադիր են շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր քննարկել: Սակայն քննարկուելիք նիւթերուն շարքին առանցքային պիտի ըլլայ շրջանին մէջ Իրանի` վերջին շրջանին նկատուող դիրքի ամրապնդումը:
Կը նշուի, որ Մոսկուան Դամասկոսի եւ Թեհրանի սերտ դաշնակիցն է, իսկ Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները` Իրանի թշնամիները: Իսրայէլ կը փորձէ կանխարգիլել իր սահմաններուն մօտ` Սուրիոյ մէջ, Իրանի դիրքերուն ամրապնդումը:
Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբի անդամ Օլեկ Մորոզով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Տեղեկացած ենք, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ մտադիր են Երուսաղէմի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպումի ժամանակ սուրիական տագնապի լուծման հարցով Ռուսիոյ առաջարկ ներկայացնել»:
Մորոզով ըսած է, թէ օրինական ճամբով ընտրուած Պաշշար Ասատի օրինականութիւնը երբեք Ռուսիոյ համար խաղարկման առարկայ չէ եղած: Անոր համաձայն, Մոսկուան, սակայն, պատրաստ է քննարկելու Սուրիոյ մէջ զինուորական ներկայութեան առնչուող հարցեր` ներսուրիական բոլոր հարցերու լուծման ծիրին մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինին հինգշաբթի օր յայտարարեց. «Ուաշինկթընի եւ Իսրայէլի հետ Սուրիոյ շուրջ գործարք գոյութիւն չունի, որովհետեւ ատիկա առեւտուր է»:
«Մենք կ՛աշխատինք յանուն Սուրիոյ մէջ կայունութեան ու փոխզիջումային լուծումին, ինչպէս որ է պարագան ամբողջ այդ տարածքին, պարագային, հիմնուելով շրջանի բոլոր պետութիւններուն գերիշխանութեան, քաղաքական անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան նկատմամբ մեր յարգանքին վրայ, եւ չունինք որեւէ այլ հիմ, ուստի մենք որեւէ գործարք չենք ընդունիր», նշեց ան: