Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ 7 յունիսին տեղի ունեցաւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեան: Ան իր ելոյթին մէջ շեշտեց նման ձեռնարկներու, գիրքերու, ժապաւէններու կարեւորութիւնը, քանի որ անոնք ցոյց կու տան, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը չէ կորսնցուցած արդարութեան հասնելու յոյսն ու պայքարի մէջ է այդ նպատակին հասնելու համար: Ան նաեւ նշեց, որ կեդրոնին մէջ առաջին անգամը չէ, որ նման ձեռնարկ կը կազմակերպուի:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի աւագ գիտաշխատող, թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց. «Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը ծանր երեւոյթ է, յատկապէս ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդներուն համար: Քանի տակաւին չէ ամոքուած ցեղասպանութեան ձգած սպին, եւ մեր ժողովուրդները չեն ստացած անոր հատուցումը, անիկա հետզհետէ խորանալով` աւելի մեծ վէրք կը դառնայ: Հայ եւ յոյն ժողովուրդները տակաւին չեն կորսնցուցած հաւատքը, որ պիտի հասնին հատուցման` քաղաքական պայքարի ճամբով: Մենք նաեւ համոզուած ենք, որ մինակ չենք այդ պայքարի ճամբուն վրայ, իսկ հայերը, յոյները եւ ասորիները այդ առումով ունին զիրար հասկնալու մեծ ներուժ»:
Ձեռնարկին բանախօսներն էին «Յոյն բնակչութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ Փոքրասիական աղէտը (1914-1923 թթ.)» գիրքի հեղինակ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գէորգ Վարդանեանը եւ Հայաստանի յունական համայնքներու միութեան նախագահ Մարիա Լազարեւան: Վերջինս համեմատութիւններ կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան ու յոյներու ցեղասպանութեան միջեւ եւ նշեց, որ հակառակ տարբերութիւններուն, կան շատ նմանութիւններ: Անոնցմէ մէկը այն է, որ երկու ցեղասպանութիւններն ալ ճանչցուած չեն ոճրագործին կողմէ: Բանախօսը աւելցուց, որ յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման «բեռը» մնացած է հիմնականին մէջ պոնտական սփիւռքի ուսերուն:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Գէորգ Վարդանեան: Ան հանգամանալից ներկայացուց Պոնտոսի յոյներու կամ, ինչպէս աւելի ճիշդ է բնութագրել, յոյներու ցեղասպանութեան պատմութիւնը, ցեղասպանութեան յիշողութեան ու ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցերը:
Ձեռնարկի ընթացքին խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Էդուարդ Պոլատովը` «Պատրիդա» յունական համայնքի ղեկավարը: Ան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Հայաստանը մեծ դեր ունեցած է Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան հարցի բարձրացման գործին մէջ:
Ելոյթներու աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ «Արգոնաւորդների ոտնահետքերով» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է պոնտացի յոյներու ամբողջ պատմութիւնը, այնտեղ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը: