Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար քանի մը օր առաջ Քաթարի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին ոտքէն ծանր վնասուածք ստացաւ:
Թէեւ Պրազիլ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, բայց կորսնցուց իր ֆութպոլիստը, որ 21-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ան ամբողջութեամբ պիտի բացակայի «Քոփա-Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն:
Վերոնշեալ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 15 յունիսէն 7 յուլիս, Պրազիլի մէջ: