Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը իր երկրպագուն նկատած է: Այս մասին Թրամփ յայտարարած է 6 յունիսին «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած հարցազրոյցին մէջ:
Անկէ խնդրած են մեկնաբանել կարծիքը այն քննադատներուն, որոնք երկու տարի առաջ Միացեալ Նահանգներու համար ամէնէն կարճ ժամկէտին ՕԹԱՆ-ի անդամ բոլոր երկիրներէն մեկուսացում կը գուշակէին պաշտպանական ծախսերը համախառն ներքին արդիւնքի մինչեւ 2 առ հարիւր հասցնելու պահանջի պատճառով:
«ՕԹԱՆ-ը անկում կ՛ապրէր: Եթէ նայինք վերջին 15 տարուան մէջ ՕԹԱՆ գացող դրամները, ապա անոնք անշեղօրէն կը կրճատէին, իսկ այժմ ատիկա ամբողջովին արժանի բան է», պատասխանած է Թրամփ:
Ան հիւսիսատլանտեան դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը նկատած է «Միացեալ Նահանգներու նախագահի ամէնէն հաւատարիմ երկրպագուն»: «Ան կ՛ըսէ, թէ հաւանական է, որ առանց Թրամփի ՕԹԱՆ-ը չէր ըլլար», աւելցուցած է Թրամփ: