Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժերարը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր:
Բանակի հրամանատարը նաեւ այցելեց քանի մը օր առաջ Թրիփոլիի մէջ նահատակուածներուն ծնողներուն, որոնց իր ցաւակցութիւնը յայտնեց, դրուատեց անոնց որդիներուն նահատակութիւնը, հերոսութիւնը եւ իրենց պարտականութեան իրագործման մէջ կատարեալ նուիրումը: