Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6 յունիսին տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին չեն քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խնդիրը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Ղարաբաղեան տագնապը մանրամասն չէ արծարծուած: Երէկուան խօսակցութիւնը շատ հանգամանալից էր երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ առեւտրատնտեսական գործակցութեան տարբեր երեւոյթներու շուրջ», ըսած է Փեսքով` Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ: