ՍԱՐԳԻՍ ՊՈՒՏԱԳԵԱՆ
Անհոգ տարիներ էին. մենք` աշակերտներ, գրասեղանի ետին, կողք-կողքի, ապա բակին մէջ մարզանքի պահուն կամ զբօսանքին, զրոյցներ, կատակներ, չարաճճիութիւններ, աշակերտական բաժիններ, դասարանային պարտականութիւններ, երբեմն իրար օգնելով, երբեմն` մէկը միւսին բացը լրացնելով: Հաւանաբար սովորական, աշակերտական կեանքի քաղցր պահեր, որոնք ժամանակի թաւալումին հետ հազիւ յուշ էին:
Իւրաքանչիւրս իր կեանքի ճամբան բռնած, կարծես ետ նայելու ոչ թէ տրամադրութիւնը, այլ ժամանակը չունէինք®.
Երկարատեւ ընդմիջումէ ետք դարձեալ հանդիպում` պարագայական: Նախ յիշեցի ժպիտը. բարի աչքերուն ետին յստակացող ժպտուն դէմք մը, որ հարազատութիւն կը փոխանցէր: Ի՛նք էր, որ արագօրէն ճանչցաւ իր մտերիմ դասընկերը. եւ յիշողութիւնը շատ արագ վերստին մեզ տարաւ Ճեմարանի դասարանները, բակը, ուսուցիչներու թելադրանքներուն, սաստումներուն եւ քաջալերանքներուն միջավայրը: Յիշողութիւնը արթնցուց ապրումներ, հարազատութեան զգացումներ:
Րաֆֆին միութենական, ազգային եւ կուսակցական կեանքին մէջ լռութեամբ ո՛չ միայն կ՛ըմբռնէր երեւոյթները, այլ նաեւ լռութեամբ կ՛արտայայտէր իր ըսելիքները, նկատողութիւնները: Միայն ազնուութիւն կար այդ լռութեան մէջ. կար նաեւ ամբողջական նուիրում իր գաղափարին, պատկանելիութեան, կազմակերպութեան եւ ժողովուրդին անմնացորդ ծառայելու:
Անհանգիստ էր, եւ այդ պատճառով մեր հերթական հանդիպումը տեղի չունեցաւ. նոյն օրը մտաւ հիւանդանոց` անհրաժեշտ բուժումներ ստանալու համար: Ըսաւ. «Ընկե՛ր, քանի մը օր բժշկուելէս ետք, կը տեսնուինք»: Բայց® Վիճակը արագօրէն կը ծանրանար: Ափսո՜ս. երբ տեսայ զինք, ուշքը կորսնցուցած էր, եւ վերջին մեր հանդիպումին մեր խօսելիք նիւթերը ես առանձին, մտովին փոխանցեցի իրեն. չեմ գիտեր, եթէ լսեց իմ ներքին խօսակցութիւնս: Սակայն ես լսեցի իր չարտասանած խօսքը եւ տեսայ ժպիտը: Փափաքը` ազնուութեամբ շարունակելու հաւաքական գործը, օգտակար դառնալու բոլորին. անխտի՛ր բոլորին:
Դարձեալ ընդհատուեցաւ մեր ընկերութիւնը: Մնացին Րաֆֆիին ժպիտը, նուիրումը եւ հարազատութեան քաղցր յիշատակները:
Ընկերդ`
ՍԱՐԳԻՍ ՊՈՒՏԱԳԵԱՆ