ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Մինչ նախագահ Թրամփ այս շաբաթ այցելութեամբ մը կը գտնուի Ճափոն, ճիշդ ժամանակն է մեկնաբանելու Ճափոնի վարչապետ Շինծօ Ապէի` Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի համար Թրամփի առաջադրումը: Այդ առաջադրման մասին յայտարարած է ոչ ուրիշ մէկը, քան անձամբ ինք` նախագահ Թրամփ, պարծենալով, որ Ապէ իրեն տուած է օրինակը «հինգ էջնոց ամէնէն գեղեցիկ նամակին, զոր ինք ուղարկած է բոլոր անոնց, որոնք կը բաժնեն Նոպելեան մրցանակ կոչուող պարգեւը»:
Ճափոնական «Ասահի» թերթը հաղորդած է, որ նախագահ Թրամփ ինք խնդրած է Շինծօ Ապէէն` իր թեկնածութիւնը առաջադրել: Ապէ հրաժարած է հաստատելէ թեկնածութեան առաջադրումը` յղում ընելով Նոպելեան յանձնախումբի քաղաքականութիւնը` չբացայայտել թեկնածուն մինչեւ մրցանակը ստանալէն 50 տարի ետք: Երբ խորհրդարանին մէջ Ապէի հարցուցին, թէ արդեօ՞ք հաւաստի է լուրը, ան պատասխանեց. «Ես չեմ ըսեր, թէ ատիկա ճիշդ չէ»:
Յունիս 2018-ին երկու նորվեկիացի օրէնսդիրներ արդէն առաջադրած էին Թրամփի թեկնածութիւնը Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին: Հետաքրքրական է, որ փետրուար 2018-ին, Նորվեկիոյ Նոպելեան յանձնախումբը յայտարարեց, որ նախագահ Թրամփի համար Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի երկու առաջադրումները կեղծ են: Աւելի՛ն. անցեալ տարի Քոնկրեսի 18 հանրապետական անդամներ միացեալ նամակ յղած էին Նորվեկիոյ Նոպելեան յանձնախումբին` առաջադրելով Թրամփի թեկնածութիւնը 2019-ի Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակին:
Ճափոնի վարչապետին կողմէ Թրամփի առաջադրումը քաղաքական մեծ իրարանցում յառաջացուց շրջանակին մէջ` ներքին ընդդիմութեան առաջնորդներու, որոնք կը բողոքէին Շինծօ Ապէի ըրածին դէմ: Ճափոնի Սահմանադրական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ներկայացնող օրէնսդիր Ճունիա Օկաւա քննադատեց նախագահ Թրամփի` Փարիզի կլիմայի պայմանագիրէն եւ Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրէ հեռացումը, նաեւ անոր որոշումը` դադրեցնելու միջին հեռաւորութեան միջուկային հրթիռներու պայմանագիրը եւ Իսրայէլի մէջ` անոր կողմէ ամերիկեան դեսպանատան տեղափոխումը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ: «Այս գործողութիւնները,- ըսաւ Օկաւա,- անկարելի կը դարձնեն անոր առաջադրումը Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի, եւ ասիկա ամօթալի է Ճափոնի համար»:
Ճափոնի վարչապետին կողմէ Թրամփի` Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի առաջադրման պատճառը այն էր, որ Ճափոնի ղեկավարը հասկցած էր` շողոքորթութիւնը լաւագոյն միջոցն է Թրամփի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու համար: Ըստ երեւոյթին, միասին անցուցած կոլֆի անհամար խաղերը բաւարար չէին եղած: Ճափոն երեք խնդրանք ունի նախագահ Թրամփէն.
1) Ձգտիլ Թրամփի աջակցութեան, որպէսզի Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ընի եւ Ճափոնի վարչապետին միջեւ հանդիպում մը կազմակերպուի` «անվերապահ» ապամիջուկայնացման քննարկման համար: Ասիկա կարեւոր խնդրանք է Ճափոնի համար, քանի որ վերջերս Հիւսիսային Քորէայի հրթիռները ինկած էին Ճափոնի տարածքային ջուրերուն մէջ կամ` մերձակայ շրջանները, կամ ալ անցած էին Ճափոնի տարածքին վրայէն` խուճապի մատնելով բնակչութիւնը:
2) Համոզել Թրամփը` հրաժարելու իր յաճախակի սպառնալիքներէն` կիրարկելու ամերիկեան մաքսավճարներ ճափոնական արտածուող ապրանքներու, հիմնականին մէջ` ինքնաշարժներու վրայ. բան մը, որ կրնայ ազդեցութիւն ունենալ Ճափոնի տնտեսութեան վրայ եւ խոչընդոտել Շինծօ Ապէի վերընտրութիւնը:
3) Ստանալ Թրամփի զօրակցութիւնը` 1977-1982 թուականներուն Հիւսիսային Քորէայի կողմէ առեւանգուած Ճափոնի քաղաքացիներու տունդարձի շուրջ բանակցութիւններու մէջ:
Այսուամենայնիւ, Շինծօ Ապէի կողմէ Թրամփի թեկնածութեան առաջադրումը «անսպասելի էր` հաշուի առնելով Թրամփի յարձակողական` «Ամէնէն առաջ Ամերիկան» արտաքին քաղաքականութիւնը եւ արհամարհական վերաբերումը միջազգային բազմակողմանի համագործակցութեան հանդէպ: Հիւսիսային Քորէայի հետ Միացեալ Նահանգներու բանակցութիւններու տապալումէն ետք … Նոպելեան մրցանակի յօժարումը կը թուէր ամբողջովին անտեղի», կը գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»:
Մինչ Ճափոնի վարչապետը կրնայ ծանրակշիռ պատճառներ ունենալ նախագահ Թրամփը Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի առաջադրելուն մէջ, Նոպելեան յանձնախումբը սակայն աւելի լաւ պատճառներ ունի հրաժարելու դիմումէն` իր հեղինակաւոր մրցանակը չանարգելու համար, զայն յանձնելով թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս նման շառլաթան, ստախօս եւ խաբեբայ անձնաւորութեան մը: Թրամփ վիրաւորած է այլ ազգեր եւ կրօններ, վատ վերաբերած է փոքրամասնութիւններու եւ ներգաղթեալներու հետ եւ հրաժարած է Միացեալ Նահանգներու օրէնքներն ու միջազգային պայմանագիրները պահպանելէ:
Եթէ ոմանք կը կարծեն, որ իմ հակառակութիւնը Թրամփի առաջադրման` կողմնակալութիւն է, պէտք է յիշեցնեմ, որ երբ նախագահ Պարաք Օպամա 2009-ին Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ ստացաւ «արտասահմանեան դիւանագիտութեան եւ մարդոց միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման արտասովոր ջանքեր ցուցադրելուն համար», ես խմբագրական մը գրեցի` արտայայտելով ընդդիմութիւնս Օպամայի տրուած պարգեւին: Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը Օպամային շնորհուած էր անոր նախագահութեան առաջին տարուան ընթացքին, ինչ որ շատ կանուխ էր անոր նուաճումներուն մասին դատելու համար: Թրամփ քննադատած էր Օպաման` Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ ստանալուն համար, եւ ոմանք կ՛ըսէին, որ ան կը փափաքի ստանալ նոյն պարգեւը, ինչ որ ստացած է Օպամա, քանի որ կը նախանձէր անոր: Թրամփ ըսած էր. «Անոնք մրցանակը յանձնեցին Օպամայի, իսկ ան նոյնիսկ չի գիտեր, թէ ի՛նչ բանի համար ստացած է զայն: Օպամա մօտաւորապէս 15 վայրկեան հոն էր եւ ստացաւ Նոպելեան մրցանակը»: Բացի Օպամայէն` Միացեալ Նահանգներու երեք այլ նախագահներ` Թէոտոր Ռուզվելթ, Վուտրօ Ուիլսըն եւ Ճիմի Քարթըր արժանացած են Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի:
Թրամփի պարագային, ան արդէն երկու տարի ծառայած է իբրեւ նախագահ, եւ պարզ է, որ արժանի չէ որեւէ մրցանակի, ա՛լ չխօսինք Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի մասին: Իրականութեան մէջ ան նոյնիսկ արժանի չէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին: Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ ինքնահռչակ «չափազանց կայուն հանճար»-ի մը գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները աւելի եւս իրարու կը թշնամացնեն բազմաթիւ մարդիկ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ, այնպէս ալ` ամբողջ աշխարհի մէջ: Ինչպէս որ լորտ Աքթոն խորիմաստաբար գրած է. «Իշխանութիւնը կը փճացնէ, իսկ բացարձակ իշխանութիւնը կը փճացնէ բացարձակապէս»:
Զարմանալի չէ, որ նախագահ Թրամփ շարունակած է իր հակասական վարքագիծը` շարք մը թուիթներ ուղարկելով Ճափոն գտնուելուն առաջին իսկ օրուան առաւօտեան: Իր թուիթներէն մէկուն մէջ ան երեք սխալ կամ անճշդութիւն թոյլ տուած է.
1) Ան համաձայնած է Հիւսիսային Քորէայի բռնապետ Քիմ Չեն Ընի հետ այն մասին, որ Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահական առաջատար թեկնածու Ճօ Պայտըն «ցած IQ ունեցող անձնաւորութիւն» է` այսպիսով խախտած ըլլալով ներքին տարակարծութիւններու մասին արտերկրի մէջ չխօսելու հին սկզբունքը:
2) Ան Պայտընին անունը սխալմամբ գրած էր «Պիտան»:
3) Ան հակասած է ազգային ապահովութեան հարցերով իր խորհրդականներէն Ճոն Պոլթընի եւ Ճափոնի վարչապետի յայտարարութեան, ըստ որուն, Հիւսիսային Քորէայի վերջին հրթիռներու արձակումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու խախտում է:
Վերջապէս, նախագահ Թրամփ խոստովանած է, որ ինք հաւանաբար երբեք չստանայ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ: Առաջին անգամ ըլլալով ես համաձայն եմ իրեն հետ…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ