Երէկ` հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, Լիբանան գտնուող Իրինէյ պատրիարքը հանդիպում ունեցաւ զօր. Միշել Աունին հետ: Հանդիպման աւարտին, պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանան ժամանած է խաղաղութեան այցելութեամբ մը` աւելցնելով, որ չկայ աւելի գեղեցիկ բան, քան ազգերու խաղաղ գոյակցութիւնը, սակայն դժբախտաբար ոմանք խաղաղութիւնը խախտելու ջանք կը թափեն: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի նման Սերպիան եւս դժուար փուլերէ անցած է եւ պատերազմներու թատերաբեմ դարձած, սակայն բնաւ չէ կորսնցուցած իր յոյսը: Պատրիարքը նշեց, որ ասիկա իր Լիբանան երկրորդ այցելութիւնն է: Ան առաջին անգամ Լիբանան եկած է, երբ տակաւին երիտասարդ ուսանող էր, եւ բաղդատելով երկու ժամանակները, ըսաւ, թէ Լիբանանի մէջ շատ բան փոխուած է, մանաւանդ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` Իրինէյ պատրիարքը ըսաւ, որ Սերպիոյ ժողովուրդէն սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամ կը փոխանցէ Լիբանանի ժողովուրդին, ու պատրաստակամութիւն յայտնեց երկու ժողովուրդներուն միջեւ կապը ամրացնելու, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց խաղաղութեան համար աշխատանք տանելու եւ պատերազմները կասեցնելու, որուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին կղերականները, որովհետեւ անոնց պատգամը բոլորին հանդէպ սէրն է:
Իր կարգին, նախագահ Աուն նշեց, որ Սերպիոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունին սերտ յարաբերութիւններ եւ հասարակ յայտարարներ` ինչ կը վերաբերի երկու ժողովուրդներուն ապրած ցաւերուն եւ դժուարին փուլերուն: Նախագահը պատրիարքին հետ խօսեցաւ երկրին մէջ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն գոյակցութեան մասին եւ ըսաւ, իբրեւ քրիստոնեաներ իրենք աշխատանք կը տանին պահելու երկրին հաւասարակշռութիւնը` մանաւանդ ներկայ իրավիճակին մէջ, երբ երկիրը շրջապատուած է պատերազմներով: Ան ընդգծեց, որ ոչ մէկ արգելք գոյութիւն ունի քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ, եւ թէկուզ տարբեր յարանուանութիւններ կան, սակայն հաւատքն ու Աստուածաշունչը մէկ է, ըսաւ ան:
Հանդիպման ընթացքին անոնք խօսեցան նաեւ նախագահ Աունին ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ներկայացուցած «Երկխօսութեան եւ համագործակցութեան մարդու ակադեմիա» հիմնելու ծրագիրին մասին, որ պիտի ըլլայ տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու երկխօսութեան վայր` նպատակ ունենալով գործնական քայլերով հասնիլ խաղաղութեան:
Աւարտին, Աուն իր զօրակցութիւնը յայտնեց Սերպիոյ ժողովուրդին ցաւերուն եւ յոյս յայտնեց հարցերուն լուծման: