Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. ժոզեֆ Աուն Թրիփոլիի մէջ պատահած ահաբեկչական դէպքերէն ետք այցելութիւն տուաւ շրջանին մէջ գործող բանակի միաւորներուն դիրքերուն: Ան տեսակցութիւն ունեցաւ հետեւազօրքի թիւ 12 զօրամասին, շրջանային գաղտնի սպասարկութեան բաժանմունքին եւ արագ միջամտութեան ջոկատին հետ` գնահատելով անոնց ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ տիրապետել հարցին` նուազագոյն վնասներ պատճառելով, եւ թէեւ 2 բանակայիններ եւ 2 ոստիկաններ նահատակուեցան, սակայն ոչ մէկ քաղաքացի զոհուեցաւ:
Ան ըսաւ, թէ սուղ էր վճարուած գինը, սակայն բանակայիններուն եւ ոստիկաններուն նահատակութիւնը հպարտութիւն եւ զոհողութիւն է, որուն համար մենք պատիւ կը զգանք:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ ահաբեկչութիւնը կրօն չի ճանչնար, իսկ ահաբեկիչը ինքնըստինքեան դիմած է այս ստորին գործողութեան` Թրիփոլիի մէջ գայթակղութիւն ստեղծելու միտումով, սակայն բանակը լրիւ պատրաստակամ վիճակի մէջ կը գտնուի` դիմադրելու համար Լիբանանին սպառնացող որեւէ վտանգի, քանի որ անոր պատգամը պատիւ, զոհողութիւն եւ հաւատարմութիւն է:
Զօր. Ժոզեֆ Աուն տեսակցութիւն ունեցաւ Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` բանակին նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան համար` դիտել տալով, որ իսլամ կրօնականները մեծ դերակատարութիւն ունին երկրին մէջ խաղաղութեան պահպանման մէջ: Ան ըսաւ, թէ բանակը Լիբանանի ողնայարն է եւ արթուն խիղճը, իսկ երկրին ապահովական իրավիճակը զգայուն է` աւելցնելով, որ միայն Լիբանանի նկատմամբ պատկանելիութիւնը պէտք է ապրիլ, իսկ կրօնական պատկանելիութիւնը անձնական ապրում մըն է:
Իր կարգին, շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի մէջ Ֆիթրի տօնին գիշերը, ահաբեկչական արմատներ չունէր եւ որեւէ ահաբեկչական կազմակերպութեան չի պատկանիր, այլ անձնական արարք մըն էր, որ որեւէ երկրի մէջ կրնայ պատահիլ` աւելցնելով, որ յաճախ ոճրագործներ հոգեկան տագնապներէ կը տառապին եւ յաճախ ալ վրէժխնդիր կ՛ըլլան: Պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին շէյխ Մալեք Շաար ըսաւ, թէ Թրիփոլիի բնակիչները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն բանակին, եւ նշեց, որ Թրիփոլիի մէջ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած դէպքերը դուրսէն ներմուծուած էին` քաղաքին մէջ անապահովութիւն տարածելու նպատակով: