Ռոնալտօ Հաւանաբար Տեղափոխուի Փարիզ Սեն Ժերմեն
Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շատ հաւանաբար տեղափոխուի Փարիզ Սեն Ժերմեն, կը յայտնէ «Տիարիօ կոլ»-ը:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, ֆութպոլիստին գործակատարը` Ժորժէ Մենտես, առաջարկ մը ստացած է Սեն Ժերմենէն` տարեկան 50 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:
Ֆրանսական ակումբը պատրաստ է անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար վճարելու 140 միլիոն եւրօ:
Ցարդ յստակ ոչինչ կը յայտարարուի այս ուղղութեամբ մարզիկին կամ իտալական ակումին կողմէ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական