Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական ու փեսայ Ճարետ Քուշներ անվստահութիւն յայտնած է առանց Իսրայէլի մասնակցութեան պաղեստինցիներու ինքնակառավարման ունակութեան նկատմամբ: «Յոյս կայ, որ ժամանակի ընթացքին անոնք պիտի կարենան կառավարուելու ունակ դառնալ», յայտնած է ան` պատասխանելով «Աքսիոս» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին այն հարցումին, թէ պաղեստինցիները արդեօք պիտի կարենա՞ն իրենք զիրենք կառավարել: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:
Քուշներ նշած է, որ պաղեստինցիներուն «անհրաժեշտ են արդար դատական համակարգ… խօսքի ազատութիւն, բոլոր կրօններուն նկատմամբ հանդուրժողականութիւն», նախքան Պաղեստինը «պիտանի դառնայ ներդրումներու համար»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պաղեստինցիները արդեօք կրնա՞ն ազատ ըլլալ Իսրայէլի կառավարական կամ զինուորական միջամտութենէն, Քուշներ ըսած է, թէ «ատիկա բարձր նշաձող է»: «Եթէ դուք պատշաճ պետական կառուցուածք եւ անվտանգութեան անհրաժեշտ համակարգը չունիք, երբ մարդիկ կ՛ապրին ահաբեկման վերաբերեալ սարսափի մէջ, ատիկա վնաս կը հասցնէ պաղեստինցիներուն», ըսած է Թրամփի աւագ խորհրդականը:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն միջինարեւելեան հիմնախնդիրի լուծման ծրագիրը, որ յայտնի է իբրեւ «Դարու գործարք», ներկայացնել 25 յունիսին Պահրէյնի մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական խորհրդաժողովի ընթացքին: