Նախորդ շաբաթավերջին «Լանքասթըր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ) Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ընթրիքի երեկոյի մը ընթացքին կատարեց 2019 տարուան մինի ֆութպոլի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը:
Սոյն երեկոյին ներկայ գտնուեցան ֆետերասիոնի նախագահ Ահմետ Տանաշ, ընդհանուր քարտուղար Ժիլպեր Ապպուտ, ֆետերասիոնի անդամներ, լիբանանան տարբեր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Ա. դասակարգի ակումբներու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մինի ֆութպոլի ազգային խումբը եւ մարզական լրագրողներ:
Վիճակաձգութեան մասնակցեցան ներկաները: Ախոյեանութեան մաս կազմող խումբերը բաժնուեցան չորս խմբակի` հետեւեալ ձեւով.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Շապապ Պեքաա, Աթլեթիքօ Ժիպէյլ, Ուահըտ Քաուսարիա Սայյետ, Ֆրենտծ, Քարիա եւ Անդրանիկ Անթիլիաս:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Չելընճ (տիտղոսակիր), Շապապ Թայպէ, Շապապ Զիթա, Նաժըմ Պեքաա, Էֆ. Սի. Եունայթըտ եւ Հաֆրուժ Ըհմեժ:
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Ներքին ապահովութեան ուժեր, Մաժտ Ղազիէ, Շապապ Ժիպալ Պաթըմ, Շապապ Հապպուշ, Լիբանանեան բանակ եւ Սփայտըրզ Պարժա:
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Մաժտ Մէյս Ժապալ, Իթթիհատ Ըտէյտէ, Համաս Աքքար, Ռիսալէ Ղասսանիէ եւ Պեքաա Սաֆրին:
Ֆետերասիոնին նախագահը յաջողութիւն մաղթեց խումբերուն` նշելով, որ ախոյեանութեան ազդանշանը պիտի տրուի 14 յունիսէն սկսեալ:
Իսկ ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ ռամատանի առիթով ֆետերասիոնը բոլոր մարզիկնեուն եւ ակումբներուն ունեցած տուգանքներուն եւ կախակայումներուն ներում կը շնորհէ: