Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Խոսէ Անթոնիօ Ռեյես (35 տարեկան) նախորդ շաբաթավերջին զոհ գնաց ինքնաշարժի արկածի մը:
Անոր հետ մահացաւ նաեւ անոր զարմիկը, որ ինքնաշարժին մէջ էր:
Նշուեցաւ, որ անոր շատ արագ սուրացող ինքնաշարժը ճամբայէն դուրս ելած է, շրջուած, ապա կրակ առած:
Ան մաս կազմած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Արսենալ, Ռէալ Մատրիտ եւ ուրիշներ: