Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է օրինագիծ մը, որ կը նախատեսէ Ուքրանիոյ շնորհել ՕԹԱՆ-էն դուրս գլխաւոր դաշնակիցի կարգավիճակ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Կարգավիճակը պիտի գործէ այնքան ատեն որ Ուքրանիան չէ անդամակցած ՕԹԱՆ-ին:
Նախագիծը նաեւ կը նախատեսէ Ուքրանիոյ մատակարարել հակահրասայլային, հակաօդային պաշտպանութեան զինատեսակներ, ինչպէս նաեւ համացանցային անվտանգութեան միջոցներու մատակարարում` զայն «ռուսական նախայարձակումէն» պաշտպանելու նպատակով: