Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին այցելեց Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ»-ի անուան թանգարանը` ընդառաջելով մարոնի միաբանութեան աբբահայր Նաամթալլա Հաշեմի հրաւէրին:
Այս առիթով զօր. Աուն արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ այդ վայրը Լիբանանի պատմութիւնը կը բուրէ, ինչպէս նաեւ կը դրսեւորէ լիբանանցի մեծ անձնաւորութեան մը ռազմավարական տեսլականը, որ հիմնուած էր պետականութեան վրայ: «Ան ղեկավարն էր եւ հանրապետութեան նախագահը, որ իր անձին մէջ ամփոփած է ղեկավարութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ համեստութիւնն ու մարդկայնութիւնը», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն ըսաւ, թէ Շեհապ հաստատած է, որ անկախութիւնը կը կերտուի եւ ոչ թէ կարելի է զայն նուէր ստանալ:
«Շեհապ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը ազգային միասնականութեան դպրոցն է` մտայնութեամբ եւ գործով: Այդ խօսքին արձագանգները մեր կեանքին մէջ ցարդ կը լսուին, յատկապէս հայրենիքին սպառնացող ճակատագրական եւ անկիւնադարձային մարտահրաւէրներուն ընթացքին», շեշտեց զօր. Աուն:
Ան ըսաւ, թէ Ֆուատ Շեհապ յաջողած է լիբանանեան բանակը վերածել պատուոյ, զոհողութեան եւ հաւատարմութեան ազգային օրինակելի տիպարի, ուր համայնքայնութիւն եւ տեղայնականութիւն չկան:
Անդրադառնալով ներկայ տնտեսական իրավիճակին` զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակը երկրին տնտեսական համակարգին մաս կը կազմէ, եւ այդ պատճառով ալ ան իր տարեկան պիւտճէն սերտած է եւ անցեալ տարուան ընթացքին պետական գանձարկղին վերադարձուցած իր պիւտճէէն մաս մը:
Ան մերժեց այն տպաւորութիւնը, թէ բանակայիններու աշխատավարձին պատճառով երկրին պետական գանձարկղը նիւթական ծանր պարտաւորութիւններու տակ կը գտնուի:
«Պիտի մերժենք մեր սպաներուն եւ բանակայիններուն իրաւունքին դպչիլ, իսկ անոնց կորովը շատ աւելի կարեւոր է, քան որեւէ աշխատավարձ: Հետեւաբար մենք պիտի չարտօնենք, որ մեր զինուորներուն կորովը որեւէ կերպով թիրախ դառնայ, որովհետեւ անիկա ոճիր է, որ ո՛չ միայն ուղղուած է անոնց դէմ, այլ` հայրենիքին: Մենք տէր պիտի կանգնինք մեր սպաներուն եւ զինուորներուն իրաւունքներուն եւ պիտի չարտօնենք, որ անոնց արժանապատուութիւնը խոցելի դառնայ», հաստատեց զօր. Աուն: