Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 8-9 յունիսին տեղի պիտի ունենայ Ժեզզինի ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
8-րդ անգամ ըլլալով տեղի ունենալիք այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 315,56 քմ:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երկուշաբթի, 3 յունիս, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ը:
Մասնակցողներուն անունները պիտի հրապարակուին երեքշաբթի, 4 յունիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Շաբաթ, 8 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ առաջին հանգրուանի մրցումը Ժեզզինի հրապարակէն: Իսկ կիրակի, 9 յունիսին, առաւօտեան ժամը 6:30-էն սկսեալ պիտի շարունակուի ռելին: Երեկոյեան ժամը 17:15-ին տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը: