Երէկ` ուրբաթ, 31 մայիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ 14-27 յուլիսին Հայաստանի մէջ կատարուելիք Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Փորթուգալը, Իտալիան եւ Սպանիան:
Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Ֆրանսա, Չեխիա, Նորվեկիա եւ Իրլանտա:
Այս վիճակաձգութեան մասնակցեցան լոնտոնեան Արսենալին մաս կազմող Հենրիխ Մխիթարեան եւ Աքթոպէի (Ղազախստան) միջնապահ Մարքոս Փիցելլի:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային եւ Բանանցի մարզադաշտին վրայ: