Երէկ տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին Ռեփթըրզ Թորոնթոյի մէջ հիւրընկալեց երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը:
Ռեփթըրզ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Ուորիըրզը, արձանագրելէ ետք 118-109 արդիւնքով յաղթանակ մը, հակառակ անոր որ վերջինէս Տրէյմընտ Կրին թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (10 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Անոր խմբակից Սթեֆըն Քարի նշանակեց 34 կէտ, մինչ Ռեփթըրզէն Փասքալ Սիաքեմ` 32 կէտ:
Երկրորդ մրցումը եւս տեղի պիտի ունենայ Թորոնթոյի մէջ:
Յայտնենք, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աւարտական մրցումը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներէն դուրս` նկատի ունենալով, որ Թորոնթօ Ռեփթըրզ իր դաշտին վրայ տեղի ունենալիք մրցումները կը կատարէ Քանատայի մէջ:
Ռեփթըրզ առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի աւարտականին: