Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
2018-2019 կրթական տարեշրջանի վերջին զանգը կը մօտենայ: Անցնող տարուան ընթացքին հայկական բոլոր վարժարանները դիմագրաւեցին տնտեսական դժուարութիւններ, աշակերտական թիւի նուազումներ, հայրենաւանդ նիւթերու ուսուցիչներու, կազմակերպչական եւ վարչական տագնապներ:
Ճիշդ է` միշտ ալ հայ դպրոցը ունեցած է եւ պիտի ունենայ տագնապներ, սակայն հայ դպրոցի տագնապներու լուծումներու ճամբան անկեղծ արժեւորումներն են միայն:
Այսօր մեր հայ աշակերտներու կարեւոր մէկ մասը օտար վարժարան կը յաճախէ, եւ այդ մասին կարծես այլեւս ո՛չ վերամուտին, ո՛չ Թարգմանչաց տօնին, ո՛չ կրօնական եւ ազգային ձեռնարկներու ընթացքին ակնարկ կայ: Կարծէք` յանձնուած ենք իրականութեան, կարծէք` հոսանքին դէմ պայքարելու թափը պակսած է մեր մէջ: Հայ դպրոցին հանդէպ գուրգուրանքը, տագնապը եւ հեռանկարը շատ մտահոգիչ իրավիճակ մը կը պարզէ:
Մինչ այդ վարժարաններ կը փակուին, ուրիշներ կը միացուին, նորերը կը կառուցուին, նոր նշանակումներ կ՛ըլլան, սակայն հիմնականը եւ ամէնէն կարեւորը` յանձնառութիւնը կը բացակայի: Ոգին կը կորսուի: Քարը, շէնքը եւ նորարարութիւնը կը շլացնէ բոլորը, սակայն որակը, ոգին եւ յանձնառութիւնը կը պակսին:
Չենք գիտեր, թէ ամէն տարի ո՞ր դպրոցին «Վերջին զանգը» պիտի հնչէ:
Անցեալին, երբ հայկական վարժարան կը փակուէր, գաղութը տակնուվրայ կ՛ըլլար, ահազանգ կը հնչէր, յօդուածներ, նոյնիսկ խմբագրականներ լոյս կը տեսնէին, այսօր առանց ձայնի` լուռ ականատես ենք դպրոցներու «Վերջին զանգերուն»:
Այս բոլորէն անդին` տնտեսական տագնապը, արտագաղթը, հայրենադարձութեան ալիքը, օտարանալու քաղքենի մագլցող ճիգը եւ մանաւանդ մեր արժեւորումներուն մէջ առարկայական ազդակներու պակասը մեծ հարցական մը ստեղծած են մեր կրթական համակարգի ապագային շուրջ:
Անկեղծանալու, առարկայական մօտենալու եւ լուծումներ բերելու պահն է: Վերջին զանգն է: