Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Սիրիլ Ռամաֆոսա յայտարարեց կազմութիւնը նոր նախարարաց խորհուրդի մը, որուն անդամներուն կէսը կիներ են, եւ աթոռներու թիւը 36-էն նուազեցուած է 28-ի:
Նշենք, որ Ռամաֆոսա անցեալ տարի ստանձնեց նախագահի պաշտօնը, երբ փտածութեան հարցերու մեղսակցութեան համար իշխանութենէն հեռացուեցաւ նախկին նախագահ Ճէյքըպ Զուման, որ նախարարներու թիւը բարձրացուցած էր` իր ազդեցութեան ցանցը ամրապնդելու համար:
Ռամաֆոսա իր նախորդը քննադատելով յայտնեց. «Ափրիկեան ազգային քոնկրես կուսակցութիւնը վերընտրուեցաւ պետութեան գրաւման վերջ տալու լիազօրութեամբ»:
«Ամբողջ Հարաւային Ափրիկէն ամբողջովին կը գիտակցի մեր երկրին դիմագրաւած տնտեսական մեծ դժուարութիւններուն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Շատ կարեւոր է, որ առաջնահերթութիւն նկատենք մեր տնտեսութեան վերաշխուժացումը` ծայրագոյն աստիճանի ուշադրութիւն դարձնելով պետական դրամներու օգտագործման»:
«Մեր երկրին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նախարարներուն կէսը կիներ են», շեշտեց Հարաւային Ափրիկէի նախագահը: