Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն տարատեսակ զէնք մատակարարել Ուքրանիոյ եւ այդ հարցին շուրջ խորհուրդ պիտի տան Քիեւին: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Քուրթ Վոլքըր:
«Ուքրանիան, ինչպէս աշխարհի որեւէ այլ երկիր, ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի», յայտնած է Վոլքեր` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են բաւարարելու Ուքրանիոյ պաշտպանութեան ապահովման արդարացուած պահանջները»:
«Մենք Ուքրանիոյ հետ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարենք անոնց օրինական պահանջներուն շուրջ: Մենք պիտի յստակացնենք, թէ ի՛նչ միջոցներ անհրաժեշտ է անոնց տրամադրել: Բացի ատկէ, մենք պատրաստ ենք զէնքի արտածման, այսինքն` Ուքրանիոյ կողմէ Միացեալ Նահանգներու զինուորական սարքերու գնման», ըսած է Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչը:
Միւս կողմէ, Լեհաստանի պաշտպանութեան նախարար Մարիուշ Պլաշչաք յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն եւ Վարշաւա գրեթէ համաձայնած են Լեհաստանի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը ընդլայնելու շուրջ` աւելցնելով, որ երկու կողմերը ներկայիս կը քննարկեն ամերիկացի զինուորներու ժամանման ժամկէտները: