Եւրոպական յանձնաժողովը Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կը յանձնարարէ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ եւ Ալպանիոյ հետ բանակցութիւններու սկսիլ այդ երկիրները Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ ընդունելու շուրջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարեց դրացնութեան եւրոպական քաղաքականութեան եւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ:
«Եւրոպական յանձնաժողովը կը յանձնարարէ այժմ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու սկսիլ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ եւ Ալպանիոյ հետ», ըսած է ան:
Հան Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման մասին ներկայացուցած է հաշուետուութիւն, որուն մէջ նշած է, թէ Հիւսիսային Մակեդոնիան եւ Ալպանիան զգալի յառաջընթացի հասած են ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ, որուն վերաբերեալ պատրաստ են բանակցութիւններու սկսելու Եւրոպական Միութեան անդամակցելու շուրջ:
Այժմ, ինչպէս կ՛ակնկալուի, Եւրոպական Միութեան խորհուրդը Եւրոպական յանձնաժողովի յանձնարարականին հիման վրայ յունիսին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ երկու երկիրներուն հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու սկսելու որոշման մասին: