Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան 30 մայիս 2019-ին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի լիագումար նիստին ունեցած է ելոյթ մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է վերջին շրջանին տեղի ունեցած անցուդարձերուն` ըսելով, որ հանրութեան մօտ առկայ մտահոգութիւններու շարքը «համալրուեցաւ» մեր միասնականութեան նկատմամբ աստիճանաբար խորացող անվստահութեան բաղադրիչներով:
Դաւիթ Իշխանեան ըսած է. «Միասնականութիւն, որ եղած է, կայ ու կը մնայ իբրեւ մեր յաջողութիւններու ու յաղթանակներու հիմնական գրաւականը, մեր պետական համակարգի ամրութեան հիմքը, համազգային համերաշխութեան ու ազգային-ազատագրական պայքարի փիլիսոփայութիւնը, հայութեան բոլոր հատուածներու ամուր շաղախը: Միասնութիւն, որով պայմանաւորուած է ո՛չ միայն այսօրը, ներկան, այլեւ ապագան: Անցած տասնամեակներուն մենք ականատեսն էինք մեր համազգային միասնութեան դէմ ուղղորդուած եւ խաթարող տարբեր գործընթացներու: Մենք բազմիցս բարձրաձայնած ենք, մեր զգօնութիւնը ի ցոյց դրած բոլոր այն ուժերուն եւ կեդրոններուն, որոնց քայլերը կանխատեսելի ու մօտ էին յաջողութիւններու»:
Դաւիթ Իշխանեան ըսած է, թէ տարբեր դրսեւորումներ ունեցող քայլերը համեմուած են հասարակութիւնը ապակողմնորոշող եւ անոր զգօնութիւնը թուլացնող բացատրութիւններով ու մեկնաբանութիւններով` աւելցնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը միշտ ալ խոչընդոտ եղած է այդ «սեւ գործը» կատարող քաղաքական կեդրոններու եւ ուժերու համար:
Դաւիթ Իշխանեան ըսած է. «Վերջին շրջանին ի յայտ եկած է յատուկ մարտավարութիւն` առանձին քաղաքական ու պետական գործիչներու թիրախաւորման եւ արժեզրկման քաղաքականութիւն, արհեստական օրակարգերու ձեւակերպումներով: Անոր ականատեսը կ՛ըլլանք թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ Արցախի Հանրապետութեան մէջ»:
Խօսքը եզրափակելով` Դաւիթ Իշխանեան ըսած է. «Յանուն մեր նոր յաղթանակներու եւ պետականութեան յարատեւութեան` կոչ կ՛ուղղենք բոլորին ցուցաբերելու իրարու նկատմամբ հանդուրժողականութիւն ու գիտակցուած քաղաքական գործունէութիւն»: