Արսէն Երկաթ
Քանի մը օր առաջ սրտի խոր կսկիծով իմացանք բանաստեղծ Արսէն Երկաթի մահուան լուրը:
Ուղեղային տագնապի մը պատճառով վերջին ամիսներուն տկարացած էր շատ եւ կ՛ապրէր բժիշկներու անմիջական խնամքին տակ: Դեղերու միջոցով կարելի չեղաւ, սակայն, դադրեցնել յաճախադէպ ջղաձգումները եւ հարկ եղաւ գործողութեան ենթարկուիլ: «Եթէ գործողութիւնը,- կը գրէր վերջին նամակով,- չընդհատէ կեանքս, դարձեալ կը գրեմ քեզի երկու շաբաթէն, իսկ եթէ մեռնիմ, արդէն մինչեւ այն ատեն կ՛առնես մահուանս լուրը: Մի՛ վշտակցիր, սիրելի՛ս, կեանքիս հեքիաթը` 75 տարի առաջ սկսած, պիտի վերջանար օր մը. սիրոյ եւ բանաստեղծութեան հեքիաթ մը եղաւ անիկա»:
Ստացուած վերջին գիրէն զատ, ուղղակի լուր չեկաւ իրմէ, եկաւ իր մասին խմբագրուած լուրը, մահուան գոյժը: Գնաց, բայց որովհետեւ սովորական մահկանացուներէն չէր, իր ետին ձգեց «սիրոյ եւ բանաստեղծութեան հեքիաթին» երկարաձգուող մխիթարութիւնը:
Հայերէնով կուտակած իր ընդարձակ վաստակին կողքին, Արսէն Երկաթ գրած է նաեւ ֆրանսերէն լեզուով եւ արժանացած` գրական օտար շրջանակներու բարձր գնահատանքին, բայց այդ հանգամանքը գայթակղութեան առիթ մը չեղաւ իրեն համար, իր մէջ անտեղիտալի էր միւս մարդը, իսկականը, հա՛յը, որ չի կրնար մեր սրբութիւններուն ստեղծած կախարդական մթնոլորտէն դուրս ապրիլ, եւ երգել առանց Մեծասքանչին շնչաւորող, կենսատու զօրութեան: «Կան մտածողներ,- պիտի ըսէր ինք,- որ մենք հայու հոգին կրնանք անաղարտ պահել մեր մէջ` առանց հայերէնի: Ցնորք է ասիկա, տանջալից, ողորմելի ցնորք… Հայերէնը լեզու մը չէ` միայն բառերով հիւսուած: Անիկա տիեզերքի հեղեղացայտ աղբիւրներէն առած է իր հնչիւնը: … Անով է, որ մենք որոշ դիմագիծ մը կը ներկայացնենք մարդկութեան մէջ, մեր ցեղային հարազատ պատկերը կը կրկնենք:
… Ցայտեցնենք պայծառօրէն մեր կերպարանքը մեր լեզուին անսահման խորհուրդին մէջ»:
Եւ այդպէս վարուեցաւ ինք, մեր լեզուին անսահման խորհուրդին մէջ մխրճուեցաւ տեւաբար, սրբութեամբ մօտեցաւ բառերուն, ազնուական մարդու իր զեղուն ազնուութենէն բաժին հանեց իւրաքանչիւրին եւ ծառայեց անոր ամբողջական նուիրումով, գրեց շարունակ` վաղ պատանութենէն մինչեւ խոր ալեւոյթը, առանց տկարանալու, առանց ամլութեան պահեր, տարիներ, տասնամեակներ ճանչնալու, միշտ անսակարկ նուիրումով, առանց գնահատանքի ակնկալութեան, ճշմարիտ խառնուածքի մը անյետաձգելի հրահանգով:
Յարգա՜նք իր վաստակին եւ հողը թեթեւ` «Պանդուխտ»-ի ոսկորներուն…
Պ. Ս.
Գառնի
Մեր իշխանները կու գային ամրան ոսկի եղանակով`
Զարնել իրենց վըրանը հոն. կեանքը լուսեղ
Անվերջ հանդէս մ՛էր այն ատեն, վարդահեղեղ
Առաւօտէն մինչեւ գիշերը սիրաթով:
Մեծ խարոյկներ կը վառէին. անոնց կրակը` ողջակէզ
Եղնիկներու ճենճերումէն կը բորբոքէր.
Ուրախութիւնը սրտերէն մրրիկի պէս
Վեհաշառաչ կը բարձրանար մինչեւ եթեր…
Չէր սպառեր լուսափրփուր գինին երբեք դաշխուրանէն,
Անոր վըրայ արեւն հայոց` ուժն էր հսկող,
Եւ Գառնիի այգիներուն ծառերն ամէն
Աշտանակներ էին կարծես արծաթաշող:
Կեանքին տէրն էր հզօրատենչ ու փառահեղ աւագանին,
Ու եթէ զայն կը յղկէին մարտի զէնքեր,
Նըման էր ան մետաղակուռ որձաքարին`
Զոր հայ արուեստն անմահօրէն կը քանդակէր:
Անցեալն ամբողջ կը տեսլանայ զմայլահար նայուածքիս դէմ.
Հողն այս բոսոր, ուր իմ պապերըս կը հանգչին,
Հայրենատենչ ըսպասումով դեռ կը դիտեմ,
Ու կը դառնամ յուշերուս մեծ յարուցեալին…
Հայոց արքան կ՛իջնէ թախտէն, ծափ կը զարնէ որ արթննան
Բոլոր անոնք որ կու գային օր մ՛իրեն հետ,
Ոսկեփարթամ եղանակին մէջ ամառուան,
Այս բարձունքէն ողջունել կեա՜նքը ցնծաւէտ…
Հայոց արքան բարձրանալով իր վեհապանծ գահը նորէն`
Ծա՛փ կը զարնէր որ արթննանք մենք ողջերս ալ,
Մինչդեռ ահա՛ գիշերին մէջ մոլեգնօրէն
Կը բորբոքի խարոյկներուն հուրը դարձեալ…
Խո՜նջ Իմ Հոգին
Խո՜նջ իմ հոգին սա ծառին վրայ կապէի,
Ու ոստէ ոստ օրօրէի հովին մէջ,
Երգելով երգ մ՛աղօթքներէս անցեալի,
Ու քընանար հոգիս մութին հետ անվերջ…
Կամ սա հանդարտ գետակին վրայ ծըփար ան,
Կուրի մը պէս որուն ալ ղեկն է կոտրած,
Հոսանքը զայն քըշէր տանէր դէպի ցած,
Ու շղթայէր քրքումներով առտըւան…
Բայց մենաւոր մերկութեամբն իր տեսիլքին,
Երբոր սիրոյ երդում չեղաւ ամէն ձայն,
Ապաւինէ՜ր բիւրեղներուն լըռութեան
Երազներէն ու կեանքէն խո՜նջ իմ հոգին…
Պանդուխտը
Պանդուխտ չէ ան` որ իր հոգւոյն մէջ լուսաշող
Կը պահէ սէրն հայրենիքին հեռատարած,
Ան` որ աչքին առջեւ ունի մատեանը բաց
Հերոսներու յաւերժութիւնը հռչակող:
Պանդուխտ չէ ան` որ ամէն օր կը տոչորի
Իր անցեալի երազային կախարդանքով,
Կը տեսնէ տունն` ուր ծնած է, Աղբիւրին քով.
Խնկոտ այգին եւ ակօսները ոսկելի:
Բայց, երբ անոր չէ տրուած բախտը ննջելու
Սուրբ հողին մէջ, հանգստարանն իր պապերու,
Ինչպէս եթէ թաղուած ըլլար անգերեզման:
Ա՛ն է պանդուխտը եօթն անգամ դժբախտ, որուն
Աչքերը բաց, սեւեռաբիբ պիտի մնան
Կարօտներով արշալուսուած հեռուներուն:
ԱՐՍԷՆ ԵՐԿԱԹ