Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած շաբաթական ժողովին վաւերացուց Ահտ – Անսար Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումին արդիւնքը, որ վերջ գտաւ ի նպաստ Լիբանանի ախոյեան Ահտի` 1-0 արդիւնքով:
Ահտ երկու միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը ստացաւ, մինչ Անսար` մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Շապապ Սահել Ռիատի միացաւ պիչ-ֆութպոլի ընտանիքին:
Կազմուեցաւ ֆութսալի 20 տարեկանէն վար Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Իրանի մէջ 14-22 յունիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան:
Պատուիրակութեան նախագահն է Տորի Զախխուր: