Իտալական Ա. Սէ. Միլանի գլխաւոր մարզիչ Կենարօ Կաթուզօ լքեց իր ակումբը:
Ան յայտնեց, որ թէեւ ատիկա դժուար որոշում մըն էր, բայց պէտք է հաշտուիլ անոր հետ:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի աւարտած տարեշրջանին Ա. Սէ. Միլան գրաւեց դասաւորման 5-րդ դիրքը եւ յառաջիկայ տարեշրջանին գծով ապահովեց «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքի իր տոմսը:
Կաթուզօ, որ նոյեմբեր 2017-ին նշանակուեցաւ Ա. Սէ. Միլանի մարզիչ, իր կազմին հետ արձանագրեց 40 յաղթանակ, 22 հաւասարութիւն եւ կրեց 20 պարտութիւն: