Լիպիական ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթարի գրասենեակը յայտարարեց, թէ վերջինս Պենկազիի մէջ հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Ապպաս Քամելի հետ եւ ժողովէն ետք անոր յանձնած ահաբեկիչ Հիշամ Աշմաուին, որ կը ղեկավարէր Տառնա քաղաքին մէջ տեղակայուած ահաբեկչական խմբաւորումներէն մէկը եւ Լիպիոյ ու Եգիպտոսի մէջ շարք մը ահաբեկչական արիւնալի գործողութիւններ գործադրած էր:
Գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Հաֆթարի եւ Քամելի միջեւ ժողովը տեղի ունեցած է հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ Եգիպտոսի հետ գործակցութեան ծիրին մէջ` աւելցնելով. «Երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած դատական գործակցութեան համաձայնութեան հիմամբ որոնուող եգիպտացի մը արտայանձնուեցաւ»:
Նշենք, որ Աշմաուի, որ եգիպտական մասնայատուկ ուժերուն մէջ սպայ մըն էր 2012-ին, դարձած է ժիհատական եւ մասնակցած Եգիպտոսի ներքին գործոց նախկին նախարար Մոհամետ Իպրահիմի դէմ մահափորձին, ինչպէս նաեւ նախկին ընդհանուր դատախազ Հիշամ Պարաքաթի ահաբեկման: Ան կազմակերպած է եգիպտական սահմանապահ ուժերու թիւ 101 գումարտակին դէմ յարձակումը, ինչպէս նաեւ Տահքալիայի անվտանգութեան մարմինի կեդրոնի դէմ յարձակումը, Մինիայի մէջ ղպտիներ փոխադրող փոխադրակառքերուն դէմ 29 զոհ պատճառած յարձակումը եւ Ուահաթի մէջ ազգային անվտանգութեան գրասենեակին դէմ յարձակումը:
Աշմաուի Հաֆթարի ուժերուն կողմէ ձերբակալուած է 8 հոկտեմբեր 2018-ին` Տառնային վերահսկող զինեալ խմբաւորումներուն դէմ ճակատամարտի ընթացքին: