Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հինգշաբթի, 30 մայիս, ուրբաթ, 31, շաբաթ, 1 յունիս եւ կիրակի, 2 յունիսին պիտի ներկայացնէ Նիլ Սայմընի «Տը կուտ տաքթըր» կատակերգութիւնը` բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի:
Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց ունեցաւ բեմադրիչին եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանին հետ` իրազեկ ըլլալու համար տարուած աշխատանքներուն եւ ներկայացման մանրամասնութիւններուն մասին:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք ձեր ներկայացնելիք կատակերգութեան նիւթին եւ դերասաններուն մասին:
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Մեր կատակերգութիւնը Նիլ Սայմընի «Տը կուտ տաքթըր»-էն հատուածներ են, որոնցմէ զատեցինք եօթը տեսարան: Նիլ Սայմընը իր կարգին ներշնչուած էր Չեխովի պզտիկ պատմուածքներէն եւ մէկ պատմուածքը միւսին կապելու համար նոր կերպար մը ստեղծած էր, որ գրողին կերպարն էր, որ իր պատմութիւնները կը գրէր եւ զանոնք կը խաղար բեմին վրայ: Մեր զատած եօթը տեսարանները այս կամ այն ձեւով մեր առօրեային հետ կապուած են. կան խնդալիք տեսարաններ, կան տխուր տեսարաններ: Այս է մեր ներկայացնելիք թատերական կտորը:
Թատերախումբը բաւական մեծցաւ, որովհետեւ դերերը շատ էին. մօտաւորապէս 10-13 հոգի ենք: Ունինք նորեկներ, ուրիշներ, որոնք այլ բեմադրիչներու հետ աշխատած են եւ այս թատրերգութեամբ մեզի միացան, նաեւ` մեր փորձառու դերասանները:
Եօթը տեսարանները մեր առօրեայէն առնուած նիւթեր են, օրինակ` ատամնաբուժի այցելութեան պահուն, թէ ինչպէ՛ս արկածախնդրութիւններ կը պատահին, մանաւանդ երբ ատամնաբուժը հոն չըլլայ, եւ օգնականը ըլլայ. խնդալիք կացութիւն մը կը ստեղծուի: Ունինք ներկայի քազանովաներու վիճակը, որոնք կը փորձեն ամուսնացած կիներ որսալ: Կան մարդիկ, որոնք գործ չունին, որեւէ գործ կ՛ուզեն աշխատիլ, որպէսզի ապրին, նոյնիսկ խեղդամահի խաղեր կը խաղան, որպէսզի կարենան քիչ մը դրամ առնել: Ունինք պետական պաշտօնեայ մը, որ պատրաստ է գետինները սողալու, որպէսզի իր սխալը սրբագրէ իր պետին առջեւ: Ունինք այն հայրը, որ կ՛ուզէ իր տղան էրիկմարդ ըլլայ. կը տանի զինք առաջին սեռային յարաբերութիւն ունենալու, մինչ տղան կը վախնայ եւ չի գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ընէ: Ունինք այն տանտիկինը, որ հոգ կը տանի իր զաւակներուն եւ միաժամանակ կը մշակէ ընկերային յարաբերութիւններ:
«Ա.».- Ինչո՞վ իւրայատուկ է այս ներկայացումը:
Յ. Տ. Ղ.- Ինչպէս որ ժողովուրդը կ՛ըսէ, հանդիսատեսը գլուխ քերելու պէտք պիտի չունենայ հասկնալու համար այս ներկայացումը: Ի՛նչ որ բեմին վրայ կը ներկայացուի, այդ է ամէնը: Պէտք չունի վերլուծելու, որ հասկնայ, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզուի: Այս ներկայացումը յստակ ու շատ պարզ է: Այս է տարբերութիւնը այս ներկայացման եւ նախորդին Կոնտոլիզիային միջեւ, որ ձեւով մը հնադարէն սկսած էինք, եւ յանկարծ ներկայ դարերը հասանք` տարազներու փոփոխութեամբ, մինչ քաղաքական կացութիւնը նոյնը կը մնայ եւ չի փոխուիր: Տարազներն են, որ կը փոխուին, իսկ տիքթաթէօրները կը մնան, խաբեբայութիւնը կը մնայ:
Ըսեմ նաեւ, որ իսկապէս հսկայական աշխատանք տարուեցաւ ներկայացումը մէջտեղ բերելու եւ իրականացնելու համար մեր գործը: Վարձքը կատա՛ր վարչութեան, որ տնտեսական այս նեղ պայմաններուն մէջ իր կարելին ըրաւ, որպէսզի ներկայացումը թէ՛ հոս խաղանք, թէ՛ Հայաստան: Յայտնեմ, որ 9 յունիսին մենք Երեւան պիտի ըլլանք: Ելոյթ պիտի ունենանք Գիւմրիի, Վանաձորի, ապա Երեւանի մէջ:
Շնորհակալութիւն պէտք է յայտնեմ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք քուլիսներու ետին աշխատեցան. անոնք հսկայական աշխատանք տարին, որպէսզի մենք կարենանք հանգիստ ըլլալ եւ դժուարութիւն չունենալ. օրինակ` օգնական բեմադրիչը` Փաթիլը, Յակոբը, որ բեմին վրայ կ՛օգնէ մեզի բեմի յարդարումներուն, Անին, որ տարազները ստանձնած է, Խաժակ Աբէլեանը, որ մեր աֆիշները պատրաստեց, ինչպէս նաեւ` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի վարչութիւնը, որ միշտ մեր կողքին է. Յակոբը, որ լոյսերուն պատասխանատուն է, մեր խումբէն Սէրուժը , որ ձայնայինի պատասխանատուն է:
ՄԱՐՏԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ արդէն մէկ տարի եղաւ, որ մենք գործ չբեմադրեցինք տարբեր պատճառներով, որոնց մէկ մասը մեզի հետ կապուած է, միւս մասն ալ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանին հետ: Անցնող մէկ տարուան ընթացքին երկու թատերախումբեր հրաւիրեցինք Հայաստանէն. մէկը` Գիւմրիի «Վարդան Աճեմեան» թատրոնը, միւսն ալ` Համազգայինի «Սօս Սարգսեան»-ի անուան թատրոնը:
Ինչ կը վերաբերի բեմադրիչ Յակոբին ձեռնարկած այս գործին, մեզի համար «նորութիւն» է, այն իմաստով, որ ամէն մարդ կ՛ըսէ, որ Յակոբը անհեթեթ գործեր կը ներկայացնէ: Հիմա կրնաք ըսել, որ Յակոբը այս գործով պիտի գայ ըսելու, որ միայն անհեթեթ գործեր չի ներկայացներ, այլ պիտի ներկայացնէ տարբեր սեռի գործ մը, այս պարագային նիլսայմընեան կատակերգութիւն է: Տեսնենք` հանդիսատեսը ինչպէ՛ս պիտի ընդունի այս ներկայացումը:
Կ՛ուզէի նաեւ ճշդել, որ մեր ընդհանուր քաղաքականութիւնը, մեր աշխատանքներուն ռազմավարութիւնը սկսաւ ընթանալ այլ ուղղութեամբ, եւ մենք բացուելու քաղաքականութեան սկիզբը դրինք վերջին այս տարիներուն: Մեր քաղաքականութիւնը սկսաւ ընդգրկել տարբեր գործակցութիւններ` ըլլա՛յ հայաստանեան, ըլլա՛յ լիբանանեան առումներով: Մեզի համար շատ դիպուկ էր եւ հետաքրքրական` Յակոբին անցեալ տարուան Արծրունիին արաբերէն լեզուով ներկայացումը պատրաստելու երեւոյթը: Ասոնք նախաքայլեր են հասնելու համար այն գործակցութեան, որ պիտի ընդգրկէ Լիբանանի մէջ ոչ հայկական թատրոններ: Այս երեւոյթը ինչպէ՞ս պիտի դրսեւորուի` տակաւին չենք գիտեր: Կրնայ ըլլալ, որ օր մը հրաւիրենք արաբ դերասան մը, որ մեր գործերէն մէկուն մէջ բաժին մը ունենայ եւ հայերէնով խաղայ: Երկրորդ բաժինը Հայաստանի հետ գործակցութիւնն է: Այս տարի մէկ քայլ անդին պիտի անցնինք եւ գործակցելու երեւոյթը շօշափելի քայլերու վերածենք. օրինակ` Արման Նաւասարդեանը, որ առայժմ Համազգայինի թատրոնի տնօրէնն է եւ լաւ դերասան է, այստեղի պատկերներէն մէկուն մէջի հերոսի բաժինը պիտի խաղայ Երեւանի մէջ: Այսինքն պիտի ստեղծուի այն կացութիւնը, որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի կազմին մէջ պիտի ըլլայ նաեւ հայաստանցի դերասաններէն Արման Նաւասարդեանը: Կրնայ ըլլալ, որ յաջորդ փուլին միասնաբար գործեր ներկայացնենք:
Մենք գիտենք, որ այս տարի Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակն է: Ան հայ իրականութեան մէջ ամէնէն մեծ թատերագիրերէն մէկն է: Բնական է, որ գործ մը պիտի ներկայացնենք այս առիթով, որ տակաւին յստակ չէ: Յոբելեանները պարտաւոր ենք նշելու անպայման:
Երկու խօսք ալ կ՛ուզեմ ըսել ներկայացման հովանաւորին մասին: Հովանաւորը «Սոտեթել»-ն է: Պէտք է ըսել, որ մեր մշակութային գեղարուեստական կեանքը պէտք է գոյատեւէ, պէտք է ապրի: Մեր բոլոր գործունէութիւններուն արմատը նիւթական միջոցներն են: Կարգ մը հաստատութիւններ եւ դրամատուներ անցնող երկու-երեք տարիներուն մեր գործերը հովանաւորելով` մեզի մեծապէս նպաստեցին: Անոնք իրենց գումարներով օգտակար դարձան եւ կը դառնան` գեղեցիկ ծրագիրներ իրականացնելու: Ճիշդ է` տնտեսական դժուարութիւն կը տիրէ երկրին մէջ, բայց կան մարդիկ, որոնք եթէ գործին հաւատան, նիւթապէս օգտակար կը դառնան: Կը մնայ լաւ գործեր ներկայացնել:
«Ա.».- Ե՞րբ սկսած էք ներկայացման պատրաստման աշխատանքները:
Յ. Տ. Ղ.- Ընթերցումները յունուարին սկսան, իսկ ծանր աշխատանքը` մարտէն ետք: Ամէնօրեայ մեր հանդիպումները եւ շարժումները ապրիլի սկիզբը սկսանք` մինչեւ ելոյթի թուականը: Մենք սովորաբար երեք ամիս ծանր աշխատանք ունեցանք:
Այս ելոյթը դիւրին էր այն առումով, որ պատկերներէ բաղկացած էր, հետեւաբար կրցանք աւելի հանգիստ ըլլալ, որովհետեւ կը յարմարցնէինք իւրաքանչիւրին ազատ ժամերուն եւ աշխատանքին միջեւ:
«Ա.».- Նկատի ունենալով ձեր տարիներու բեմադրութիւնները, բնաւ զգացա՞ծ էք, որ հանդիսատեսի պահանջները ժամանակի ընթացքին կը փոխուին:
Յ. Տ. Ղ.- Բնական է. ինչ որ դիւրին է, ժողովուրդին համար աւելի նախընտրելի է, քան` դժուարամարս ներկայացումները: Ես իսկապէս դէմ եմ այս հոսանքին: Թատրոնը արուեստի գործ է, հետեւաբար մարդիկ պէտք է միայն շինիչ քննադատութիւններ կատարեն այս մասին: Պէտք է ընդունինք, որ արուեստի որոշ մակարդակ մը պէտք է պահուի բեմին վրայ: Իսկ այն մտայնութիւնը, որ կ՛ըսէ, թէ ժողովուրդը յոգնած է իր գործով ու ճնշուած առօրեայով եւ ստիպուած չէ ծանր ներկայացումներ դիտելու, այս տրամադրութենէն դուրս պէտք է ելլենք: Արուեստի իսկական գործը անպայման հանդիսատեսի մտքին մէջ իր հետքը կը ձգէ, կը տպաւորէ եւ ազդեցութիւն կ՛ունենայ: