Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը` Պայէրն Միւնիխի եւ Լայփցիկի միջեւ, աւարտեցաւ ախոյեան Պայէրնի յաղթանակով, որ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը, յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել:
Պերլինի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի տուպլէ մը իրագործեց (29-րդ եւ 85-րդ), մինչ երրորդ կոլը նշանակեց ֆրանսացի միջնապահ Քինկզլի Քոմըն:
Պայէրն, որ այսպիսով երեք տարի տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին, իր պատմութեան մէջ 19-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս տիտղոսը: