Երէկ Եւրոպական միութեան անդամ պետութիւններուն մէջ Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններու վերջին օրն էր:
Քաղաքացիները ընտրեցին Սթրազպուրկի մէջ տեղակայուած 751 աթոռներէ բաղկացած Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները:
Երէկուան դրութեամբ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ գերակայողը կեդրոնամէտ խմբաւորումներն էին, իսկ ազգայնական եւ «եւրոսկեպտիկ» ուժերը փոքր խումբերով ներկայացուած էին, սակայն 2014 թուականին տեղի ունեցած վերջին ընտրութիւններէն ետք` նախեւառաջ ներգաղթի դէմ պայքարող կուսակցութիւններուն ջանքերուն շնորհիւ, ազգայնականներու եւ «եւրոսկեպտիկներու» դիրքերը զօրացած են:
Ընտրութիւններուն մասնակցեցան միութեան անդամ 28 երկիրներ եւ ընդհանուր հաշուով շուրջ 426 միլիոն քուէարկողներ, ինչ որ կը համարուի աշխարհի վրայ անդրպետական մեծագոյն ընտրական հոլովոյթը: