ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ նստաշրջանի (2015-2019) Դ. լիագումար նիստերը տեղի ունեցան 8 եւ 9 մայիս 2019-ին, Աթէնքի մէջ, Յունաստան:
Լիագումարը ծանրացաւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն արժեւորման վրայ` շեշտելով իրագործուած ձեռնարկներուն պատմական տարողութիւնն ու ապագայի իմաստով փորագրուած դրոշմին իրողութիւնը: Արդարեւ, միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկին զոյգ վեհափառ հայրապետներուն հովանաւորութիւնը եւ անոնց ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին շնորհած նախագահութիւնն ու իր եւ վարչապետին ներկայութիւնը մեծագոյն փաստերն էին 100-ամեայ միութեան նկատմամբ իրենց ունեցած յարգանքին ու գիտակցութեան:
Կեդրոնական վարչութիւնը ստացաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին յղած շնորհակալագիրը` ուղղուած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, Հայաստան-սփիւռք կապերու զարգացման գծով միութեան ունեցած մեծ ներդրումին ու ազգանպաստ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ միութեան 100-ամեակին վերաբերող:
Կեդրոնական վարչութիւնը բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան եւ անդամներուն անսակարկ ու նուիրական աշխատանքը` միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն յաջողութեան, ինչպէս նաեւ 100-ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն ու Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումին յաջող աւարտը երաշխաւորող գործակցութեան վերաբերող: Լիագումարը շեշտեց նաեւ ՀՄԸՄ¬ՀԱՍԿ-ի վարչութեան վերջին երկամեայ աշխատանքներուն թափն ու արձանագրած յաջողութիւնները` անդամարշաւի եւ աշխատելաոճի ծիրերուն մէջ:
Կեդրոնական վարչութիւնը յատկապէս շեշտը դրաւ միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն յաջողութեան համար իրենց սիրայօժար նիւթաբարոյական նպաստը բերած 10 կնքահայրերուն միութենական գիտակցութեան ու ներդրումին վրայ` նշելով, թէ անոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել միութեան 100-ամեակի ձեռնարկները: Կեդրոնական վարչութիւնը անդրադարձաւ նաեւ աշխարհասփիւռ շրջանային ու Մեկուսի վարչութիւններուն նիւթաբարոյական աջակցութեան, որ յաւելեալ փայլք տուաւ 100-ամեակի ձեռնարկներու յաջողութեան:
Կեդրոնական վարչութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց շրջանային եւ մեկուսի վարչութիւններուն կազմակերպած 100-ամեակի հանդիսաւոր ու արժանավայել ձեռնարկներուն ուղղութեամբ, որոնք եկան ամբողջացնելու Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած հանդիսութիւններն ու նախաձեռնութիւնները:
Կեդրոնական վարչութիւնը որդիական ու երախտագիտական զգացումներով անդրադարձաւ նաեւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին միութեան շնորհած կոնդակի կողքին «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով յատուկ պարգեւատրման, որ յաւելեալ կշիռ տուաւ 100-ամեակի ձեռնարկներու եզրափակման:
Քննարկուեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ շրջաններու ներկայ իրավիճակն ու նորաստեղծ մասնաճիւղերու կարելիութիւնները, մանաւանդ Մոսկուայի եւ անոր շրջակայքին մէջ գործադրուող աշխատանքները:
Կեդրոնական վարչութիւնը ծանրացաւ յաջորդող օրերուն ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի հիմնադրութեան հոլովոյթին ու մանրամասնութիւններուն վրայ` շեշտելով սոյն մասնաճիւղին գոյութեան անհրաժեշտութիւնն ու հրամայականը:
Լիագումարը քննարկեց եւ ճշդեց Երիտասարդական Ա. համագումարի մանրամասնութիւններն ու ուղղութիւնը, որուն հիման վրայ ընթացան համագումարին աշխատանքները: Երիտասարդական Ա. համագումարի աւարտին ընտրուեցան երեք անդամներ, որոնք իբրեւ հրաւիրեալներ պիտի մասնակցին Պատգամաւորական 12-րդ ժողովին, ուր պիտի ներկայացնեն համագումարին մտահոգութիւններն ու առաջարկները:
Կեդրոնական վարչութիւնը դրականօրէն անդրադարձաւ Եւրոպայի մէջ ընթացք առած փոխադարձ գործակցութեան ու միջմասնաճիւղային ձեռնարկներու նախաձեռնութիւնները, որոնք արդիւնքն էին Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած` Եւրոպայի ատենապետներու ժողովներուն: Արծարծուեցան նաեւ վերջին շաբաթներուն Լոս Անճելըսի մէջ գումարուած ամերիկեան ցամաքամասի ատենապետներու ժողովի դրական անդրադարձն ու արդիւնքները:
Կեդրոնական վարչութիւնը քննարկեց նաեւ հոկտեմբեր 2019-ին գումարելի Պատգամաւորական 12-րդ ժողովին կապուած առաջարկներ` միութեան յառաջիկայ աշխատանքներու բարելաւման հեռանկարով: Քննարկուեցան նաեւ սկաուտական գիրքերու այժմէականացման վերջին փուլի աշխատանքները, որոնք պիտի իրագործուին «Միհրան Շիմշիրեան սկաուտական ֆոնտ»-ին միջոցով: Քննարկուեցան նաեւ մարզիկներու եւ մարզիչներու դաստիարակչական սեմինարներու անհրաժեշտութիւնն ու գործադրման մանրամասնութիւնները: Արծարծուեցան նաեւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, արհեստագիտական տեղեկատուութեանց, ՀՄԸՄ-ի իրերու առցանց վաճառքի (online shop), ՀՄԸՄ-ի թանգարանին ու հրատարակութիւններուն կապուած մանրամասնութիւններ:
Կեդրոնական վարչութիւնը քննարկեց նաեւ 100-ամեակին առիթով հաստատուած «ՀՄԸՄ-ի եկամտաբեր հիմնադրամ»-ի (Endowment Fund) մանրամասնութիւնները ու եզրակացուց Կեդրոնական վարչութեան կողմէ 100-ամեակի կնքահայր եղբայրներուն անունով յաւելեալ 50.000 ամերիկեան տոլարով օժանդակել սոյն աշխատանքի յաջողութեան` ընդհանուր գումարը բարձրացնելով 100.000 ամերիկեան տոլարի, ինչպէս նաեւ հետապնդել սոյն հիմնադրամը բարգաւաճեցնելու կարելիութիւնները:
Կեդրոնական վարչութիւնը իր Դ. լիագումարի աւարտին հաստատեց, թէ սոյն քառամեակը, որ կը զուգադիպէր միութեան հիմնադրութեան պատմական նշանակութիւն ունեցող 100-ամեակին, նշուեցաւ փառաշուք եւ արժանավայել ձեւով` վեր առնելով միութեան հետապնդած արժէքներն ու արժանիքները, նաեւ շեշտը դնելով անոր ունեցած ու շարունակուող անուրանալի եւ կենսական դերակատարութեան վրայ:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ