Ծնողական Հաւաք` «Ելեկտրոնային Գործիքներն Ու Ընկերային Ցանցերը Աշակերտներուն Առօրեային Մէջ»
Ուրբաթ, 3 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ելեկտրոնային գործիքներն ու ընկերային ցանցերը մեր աշակերտներուն առօրեային մէջ» խորագիրով հաւաքը` ներկայութեամբ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն ծնողներուն:
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ծնողները եւ բարձր գնահատեց անոնց գործակցութիւնը` միասնաբար քննարկելու ելեկտրոնային գործիքներու եւ ընկերային ցանցերու օգտագործումը աշակերտներուն համար դաստիարակիչ դարձնելու կարեւորութիւնը եւ սահմանափակելու անոր յոռի երեւոյթները:
Լսատեսողական մարզին մէջ մասնագէտ եւ ճեմարանի շրջանաւարտ Նժդեհ Մկրտիչեան, հիմնուելով հարցաթերթիկներուն մէջ ծնողներուն կողմէ նշուած ընկերային ցանցերուն եւ խաղերուն վրայ, նախ ներկայացուց այն չորս ընկերային ցանցերը, որոնք ամէնէն աւելի կը գործածուին աշակերտներուն կողմէ (Ֆէյսպուք, Ինսթակրամ, Սնեփչեթ եւ Թուիթըր), ապա յատուկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ այդ խաղերուն. անոնց մասին կարճ տեսերիզներ ցոյց տալով` մատնանշեց, թէ ինչքա՛ն վայրագութիւն կը պարունակեն որոշ խաղեր:
Տեղեկատուական բաժինէն ետք, հարիւրապետ Ժոզեֆ Ղազիրի (ելեկտրոնային ծիրին մէջ մասնագէտ) արաբերէնով խօսեցաւ նիւթին ապահովական կողմին մասին: Ան բազմաթիւ օրինակներու միջոցով շեշտեց համացանցային վայրագ խաղերուն եւ ընկերային ցանցերուն ազդեցութիւնը մարդկային ուղեղին վրայ եւ բացատրեց, թէ այդ մոլութիւնները ո՛ւր կրնան հասցնել անհատը, եւ ինչպիսի՛ վտանգներ կան անոնց ետին:
Դպրոցի հոգեբան Նաթալի Այվազեան եզրափակեց նիւթը` զգուշացնելով մոլութենէն եւ թելադրեց ծնողներուն կարելի եղածին չափ ժամանակ անցընել իրենց զաւակներուն հետ:
Հաւաքի աւարտին ծնողներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներու:
Այս հաւաքին առիթով, անգամ մը եւս կու գանք հաստատելու, որ ծնողք-դպրոց մնայուն գործակցութիւնն է, որ կ’երաշխաւորէ հայ աշակերտին ամբողջական կազմաւորումը:
«Դպրոցին Դերը Աշակերտին Հոգեկան Առողջութեան Եւ Կրթական Յաջողութեան Մէջ» Խորագիրով Դասախօսութիւն
Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, հինգշաբթի, 22 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «դոկտ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դպրոցին դերը աշակերտին հոգեկան առողջութեան եւ կրթական յաջողութեան մէջ» խորագիրով դոկտ. Կարին Փափազեան- Զոհրապեանի դասախօսութիւնը` ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան եւ ծնողական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, Լիբանանի հայկական վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ Ճեմարանի անձնակազմին:
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան նիւթն ու դասախօսը` դոկտ. Կարին Փափազեան- Զոհրապեանը, որ Լիբանան կը գտնուի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մանկավարժական բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած դասընթացքներու եւ դասախօսութիւններու առիթով, ինչպէս նաեւ` գաղթականներու հետ առնչուած կազմակերպութիւններու եւ մասնագէտներու հետ հանդիպումներու համար:
Դոկտ. Զոհրապեան իր կարգին ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի տնօրէնութեան իր այս նախաձեռնութեան համար, ապա ամփոփ ներածականէ մը ետք, մանրամասնօրէն ներկայացուց մարդկային այլազան իրավիճակները, որոնց դէմ յանդիման կրնան գտնուիլ աշակերտները եւ հետեւաբար նաեւ` դպրոցը: Անդրադառնալէ ետք աշակերտին հոգեկան հաւասարակշռութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցած զանազան կացութիւններու եւ պատճառներու` ան շեշտեց դպրոցին դերին կարեւորութիւնը` վերականգնելու աշակերտին հոգեկան առողջութիւնը, ապահովելու համար աշակերտին ուսումնական եւ ընկերային յաջողութիւնը:
Դոկտ. Զոհրապեան բազմաթիւ օրինակներով ներկայացնելէ ետք աշակերտը յուզող ընդհանուր հարցերը եւ անոնց հետեւանքները անոր դպրոցական կեանքին վրայ, անդրադարձաւ ուսուցիչին եւ տնօրէնին դերին` աշակերտին հոգեկան հաւասարակշռութեան սպառնացող ախտանշանները նկատելու եւ զանոնք դարմանելու աշխատանքին` ծնողք-ուսուցիչ-միջավայր յարաբերութեան եւ գործակցութեան ընդմէջէն:
Դասախօսութեան աւարտին, դոկտ. Զոհրապեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Ճաշկերոյթ Եւ Երգահանդէս
Շաբաթ, 18 մայիս 2019-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը` ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, տնօրէնութեան, խնամակալութեան, անձնակազմին, ծնողներու, շրջանաւարտներու եւ բարեկամներու:
Ճաշկերոյթին ընթացքին, գեղարուեստական բաժինով հայրենի արուեստագէտներ Գարիկ Պապոյեանի եւ Սոնա Ռուբէնեանի երգերը ոգեւորեցին ներկաները` ստեղծելով ճեմարանի յատուկ հայաշունչ մթնոլորտ մը:
Ճեմարանի յարատեւ վերելքին սատար հանդիսանալու նպատակով կազմակերպուած ճաշկերոյթը աւարտեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Վարձքը կատար նախաձեռնողներուն, կազմակերպողներուն ու գործնականացնողներուն եւ շնորհակալութիւն բարոյական թէ նիւթական գետնի վրայ կրթական այս հաստատութեան նեցուկ կանգնող` ճաշկերոյթին ներկայ եւ բացակայ ճեմարանի մեծ ընտանիքին: Այս առիթով կատարուեցան նաեւ նուիրատուութիւններ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին:
Իսկ կիրակի, 19 մայիսին տեղի ունեցաւ Գարիկ Պապոյեանի եւ Սոնա Ռուբէնեանի երգահանդէսը, որ համախմբեց աւելի քան 375 երիտասարդներ եւ Ճեմարանի բարեկամներ:
Այս զոյգ ձեռնարկներու յաջողութիւններէն ետք, կառչած մնալով իր հիմնադիրներու մարդակերտման եւ հայակերտման առաքելութեան, Հայ Ճեմարանը կը դիմաւորէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը` յառաջիկայ տարեշրջանին: