ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը կիրակի, 26 մայիս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, այցելեց Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատուները, ուր կը ննջեն 101-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմադիրներէն 9-ը: Վարչութեան անդամները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Բարսեղ Կանաչեանի Սիմոն Վրացեանի, Հրաչ Փափազեանի, Կարօ Սասունիի, Աւետիք Սահակեանի, Արշակ Յովհաննէսեանի եւ Լոլա Սասունիի շիրիմներուն:
Մայիսեան յաղթանակներու ծիրին մէջ մասնաւորապէս Լիբանանի գաղութը առաւել պարտականութիւն պէտք է զգայ յիշելու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու այն նուիրեալներուն, որոնք Ցեղասպանութեան տաժանելի տարիներէն ետք կրցան հայ ժողովուրդը համախմբել, կազմակերպել յաղթական ճակատամարտեր ու հողային նուազագոյն կորուստով գծել այսօրուան Հայաստանի սահմանները: Ազգային այս արժէքներուն աճիւնները կը հանգչին Լիբանանի մէջ, եւ անոնց անմահացած վաստակը ոգեւորութեան աղբիւր է, որպէսզի իրերայաջորդ սերունդները շարունակեն անոնց սկսած երթը եւ կերտեն մեր բոլորին նպատակը հանդիսացող` միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանը:
ՀՄԸՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ