«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցաւ արեւելեան շրջանի աւարտականի հինգերորդ ճակատումը, որուն ընթացքին Միլուոքի Պաքս հիւրընկալեց Թորոնթօ Ռեփթըրզը: Նախքան այս ճակատումը, արդիւնքը կ՛ընթանար 2-2 հաւասարութեամբ:
Ռեփթըրզ, արձանագրելէ ետք 105-99 արդիւնքով յաղթանակ մը, այժմ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէ Պաքսը:
Ռեփթըրզէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 35 կէտ, մինչ Պաքսէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ` 24 կէտ:
Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Ռեփթըրզ պիտի հանդիսանայ արեւելեան շրջանի ախոյեան, որմէ ետք պիտի ճակատի արեւմտեան շրջանի ախոյեան հանդիսացած եւ երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ, որպէսզի յստականայ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ 2018-2019 տարեշրջանի ախոյեանը: