Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 35-րդ հանգրուանի Փիւնիկ – Արարատ մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սպանիայէն:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Անթոնիօ Մաթէու Լաոս: Ան 2008-էն ի վեր կը սուլէ Սպանիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն, իսկ 2011-էն ի վեր ՖԻՖԱ-ին կողմէ նկատի կ՛առնուի միջազգային մրցումներու ընթացքին:
Ալաշկերտ – Բանանց մրցումին կեդրոնի իրաւարարն է Զաւէն Յովհաննիսեան, իսկ Գանձասար Կապան – Լոռի մրցումինը` Հենրիկ Նալբանդեան: