Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ երէկ յայտարարեց, որ կը հրաժարի երկրի վարչապետի եւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօններէն` նշելով, թէ իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ 7 յունիս:
Մէյ նշեց. «Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին շուրջ ընտրապայքարը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթ, եւ յաջորդս ստիպուած պիտի ըլլայ զիջումներ կատարելու եւ խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութեան հետ գոյացած համաձայնութեան գծով համադրում որոնելու»:
«Պրեքզիթ»-ի հարցին մէջ ճիշդ էի», հաստատեց Մէյ:
Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, թէ Մէյ ուրբաթ օր պիտի հրաժարի վարչապետի պաշտօնէն, սակայն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճերըմի Հանթ հերքած էր լուրը` նշելով, որ Մէյ իր պաշտօնին վրայ պիտի ըլլայ, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յառաջիկայ յունիսի սկիզբը այցելէ Բրիտանիա: