Համացանցի վրայ հրապարակուած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Իրան դէպի Արաբական Ծոցի ափ կը տեղափոխէ ռուսական «էս-300ՓՄՈՒ-2» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր:
«Ռեկնում» կը հաղորդէ, որ տեսանիւթը նկարուած է հարաւային Պուշեհր նահանգի Ասալու քաղաքին մէջ: Սպառազինութիւնը տեղափոխող շարասիւնը, հաւանաբար, նկարուած ու համացանցի վրայ հրապարակուած է այդ ճամբէն անցնող վարորդներէն մէկուն կողմէ:
Չի բացառուիր, որ համակարգերու տեղափոխման պատճառը Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու սրումն է: Ծանօթ է, որ Փենթակոն Արաբական Ծոց ուղարկած է «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրն ու հրթիռներ կրող մարտանաւերու խումբ: Իրանեան իշխանութիւնները, ատոր իբրեւ պատասխան, յայտարարած են, թէ պատրաստ են ետ մղելու որեւէ յարձակում, եւ ամերիկեան օդանաւակիրը կ՛ընկալեն ոչ թէ իբրեւ սպառնալիք, այլ` թիրախ:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թեհրան ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը գնելու վերաբերեալ պայմանագիրը կնքած էր 2007-ին` վճարելով շուրջ 900 միլիոն տոլար: Սակայն աւելի ուշ գործարքը սառեցուած էր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուած ժամանակակից սպառազինութիւն Իրանի փոխանցելու արգելք հաստատող բանաձեւի պատճառով:
Ռուսիոյ նախագահը 2015-ին ջնջած էր այդ արգելքը, եւ հոկտեմբեր 2016-ին համակարգերը արդէն փոխանցուած էին Իրանին: