Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 35-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին գծով տեղի ունենալիք Արցախ – Արարատ Արմենիա մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սպանիայէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Խաւիէ Էսթրատա Ֆեռնանտես, որ բաւական փորձառու իրաւարար մը կը նկատուի: Ան 2009-էն ի վեր կը սուլէ «Լա լիկա»-ի ախոյեանութեան մրցումները, իսկ 2013-էն ի վեր ՖԻՖԱ-ին կողմէ նկատի կ՛առնուի իբրեւ միջազգային մրցումներու իրաւարար: