«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն` Պորուսիա Տորթմունտի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Պայէր Լեւերքուզընի գերմանացի միջնապահ Եուլիըն Պրենտըն միացաւ խումբին:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին 23 տարեկան մարզիկին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2024:
Ըստ գերմանական մամուլին, Տորթմունտին անոր փոխանցումը արժեց 25 միլիոն եւրօ:
Ան «Պունտըսլիկա»-ի աւարտած ախոյեանութեան 33 մրցումներուն ընթացքին նշանակեց 7 կոլ եւ կատարեց 15 էսիսթ:
Ան 2014-էն ի վեր մաս կը կազմէ Լեւերքուզընին: