Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հետզհետէ աճող լարուածութեան պայմաններուն մէջ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը կը քննարկէ լրացուցիչ 5 հազար զինուոր Միջին Արեւելք ուղարկելու կարելիութիւնը:
Պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ այդ դիմումը Փենթակոնին ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու կեդրոնական հրամանատարութիւնը:
Ըստ այդ աղբիւրին, տակաւին յայտնի չէ, թէ Փենթակոնը այդ դիմումը պիտի ընդունի՞, թէ՞ ոչ:
Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յարաբերութիւնները խիստ սրեցան, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անցեալ տարուան մայիսին յայտարարեց իր երկրին` 2015-ին կնքուած հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս գալուն մասին:
Իրանի եւ միջազգային վեց տէրութիւններու` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Չինաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ կնքուած այդ համաձայնագիրով Իրան պէտք է սառեցնէր հիւլէական աշխատանքը, իսկ վեց պետութիւնները պէտք էր աստիճանաբար թուլացնէին Իրանին ծանր հարուած հասցուցած տնտեսական պատժամիջոցները եւ վերականգնէին առեւտրական կապերը:
Ուաշինկթըն ո՛չ միայն վերականգնեց, այլ նաեւ խստացուց պատժամիջոցները:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փաթրիք Շանահան երէկ գիշեր յայտնեց. «Պիտի շարունակենք մեր շահերը պաշտպանել եւ պիտի ամրապնդենք Միջին Արեւելքի մէջ մեր ուժերը»: «Կը սերտենք յաւելեալ ուժեր Միջին Արեւելք ուղարկելու կարելիութիւնը», ըսաւ ան: